2013-09-04 11:49:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ճառը Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութեան Ընթացքին։


Չորեքշաբթի 4 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Պապը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Ինչպէս միշտ, ունկնդրութենէն առաջ, Սրբազան Հայրը քահանայապետական ինքնաշարժով Սուրբ Պետրոսի հրապարակի շրջանը ըրաւ ողջագուրելով հաւատացեալներն ու օրհնելով զանոնք։

Ան ապա Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական մուտքի սեմէն ներկաներուն ուղղեց ճառ մը որուն մէջ անդրադարձաւ ''Րիոյի Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան'' արթիւ անցեալ յուլիսին Պրազիլ կատարած ճամբորդութեան։
Ան նախ ուզեց գոհունակութիւն յայտնել Տիրոջ այս ''գեղեցիկ նուէրին'' համար ինչպէս նաեւ շնորհակալ եղաւ Ափարէսիտայի Տիրամօր որ իրեն ընկերացաւ ճանապարհորդութեան ընթացքին վերյիշելով Ափարէսիտայի Տիրամօր ժողովրդական բարեպաշտութիւնը Լատին Ամերիկայի մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլի քաղաքական եւ Եկեղեցական իշխանութիւններուն ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար ու ապա ակնարկեց ՃՄՃ-ի տօնակատարութեան։ ''Ճմճ-ն տօն մըն է։ Հաւատքի տօն մը, միասնաբար փառաբանելու Տէրը, տօն եղբայրութեան որ սկիզբ կ՛առնէ այս աշխարհին մէջ եւ վերջ չ՛ունի, որովհետեւ Աստուծոյ սիրով տոգորուած է ։
Ընդունելութիւն եւ տօնակատարութիւն ու ասոնց կ՛աւելնայ երրորդ տարր մը` առաքելութիւն։ Այս տարուայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ յատկանիշն էր առաքելութիւնը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։ Յարուցեալ Քրիստոսի պատուէրն է ուղղուած իրեն աշակետրներուն ''գացէք եւ ամէնուրէք տարէք Աւետարանի սէրն ու լոյսը բոլորին''։ Այս եղաւ նաեւ այն պատուէրը զոր փոխանցեցի Գոբագապանայի երիտասարդներուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա հարց տուաւ ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած երիտասարդներուն. Կ՛ուզէ՞ք ըլլալ Աստուծոյ յոյսը։ կ՛ուզէ՞ք ըլլալ Եկեղեցւոյ Յոյսը։ Կ՛ուզէ՞ք ըլլալ մեր բոլորին յոյսը։ Եւ երիտասարդները միաձայն աղաղակեցին` ''Այո''։
''Ընդունելութիւն, տօնակատարութիւն եւ առաքելութիւն այս բարերը թող չ՛ըլլան լոկ յիշատակ մը այլ դառնան մեր կեանքի ու մեր հասարակութիւններու հոգին'' - եզրափակեց Քահանայապետը։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.