2013-09-04 09:43:50

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Դատապարտէ Քիմիական Զէնքերու Գործածութիւնը


''Հաստատակամութեամբ կը դատապարտեմ Քիմիական զէնքերու գործածութիւնը'' կը գրէ ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթերեան կայքի վրայ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի աղօթքի եւ ծոմապահութեան երեկոյթին զոր տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը ապահովեցին բազմաթիւ կաթողիկէ հաստատութիւններ եւ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ։
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անցեալ կիրակի օր ուղղած կոչն ու հրաւէրը ''երկխօսութեան'' ճամբով լուծելու Սուրիական ճգնաժամային տագնապը մեծ անդրադարձ ունեցաւ նաեւ այլ կրօններու մօտ որոնք իրենց կարքին առաջարկած են 7 սեպտեմբերին խաղաղութեան ի սպաս հանդիպումներ եւ արարողութիւններ կազմակերպել։








All the contents on this site are copyrighted ©.