2013-09-04 09:45:32

Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթին Կ' ուզէ Մասնակցիլ 7 Սեպտեմբերի Սուրիոյ Համար Աղօթքի Երերկոյթին։


Սուրիոյ հանրապետութեան մուֆթին` սիւննի կրօնապետ Ահմետ Պատրըտին Հասուն բաղձանք յայտնած է մասնակցիլ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար աղօթքի օրուան ու ծոմապահութեան որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերի երեկոյեան 7-12 ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ։
Ան հրապարակաւ յայտնած է իր խոր յուզումը ի լուր ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին մէկ սեպտեմբերի ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքին ընթացքին։ Մուֆթին այդ ուղղութեամբ նամակ մը ուղղած է Սուրիոյ մօտ Վատիկանի դեսպան գերապայծառ Մարիօ Ծենարիին սերտելու 7 սեպտեմբերի Վատիկանի մէջ կազմակերպուած աղօթքին մասնակցելու իր բաղձանքը։

Անկարելիութեան պարագային, ան Տամասկոսի իր համայնքէն խնդրած է որ սրտանց ընդառաջեն Սրբազան Քահանայապետին խաղաղութեան կոչին ։

Այսպէս սուրիացի մահմետականները իրենց կարգին կանչուած են երկրի մզկիթներու մէջ աղօթքի հսկում կատարելու, 7 սեպտեմբերի երեկոյեան, միանալով Վատիկանի աղօթքի հսկումին։ Մուֆթին իր այս կոչին ընթացքին յայտնած է որ բոլոր սուրիացիները ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը ճանչնան որպէս ճշմարիտ Հոգեւոր Պատասխանատու մը, անկախ քաղաքական անհատական ու հաւաքական շահերէ։ Հայր մը, որ կը սիրէ Սուրիոյ համայն ժողովուրդը եւ կ'ուզէ պաշտպանել այս երկրի բոլոր ընկերութիւնը իր բոլոր համայնքներով, որպէսզի զոհ չերթայ կրօնական բաժանումներու ու ծայրայեղութիւններուն։ Ան կը խօսի Սուրիոյ ժողովուրդի բարիքին ի խնդիր։
Յայտնենք որ մահմետական բազմաթիւ խմբակներ, ցեղային հասարակութիւններ, Տիւրզիներ, Իսմայէլցիներ, ընդառաջած են ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին ու 7 սեպտեմբերին պիտի միանան Վատիկանի աղօթքին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.