2013-09-04 10:33:36

Ս. Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Դեսպանները Ժողովի Կանչուած Են Տեղեակ Մնալու ''Սուրիոյ Տագնապը եւ Քահանայապետին Ներգործութիւնը'' Նիւթին մասին։


Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը, հինգշաբթի օրուան համար, 5 սեպտեմբեր 2013-ին, ժողովի կանչած է Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, տեղեակ պահելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախաձեռնութեան ու յանձնառումին յաջս Սուրիոյ տագնապին։
Նորին Սրբութիւնը անցեալ կիրակի ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքի աւարտին յայտնած է իր կամքը աղօթքի հսկում կատարել 7 սեպտեմբերին երեկոյեան ժամը 19-24։
Աղօթքի հսկումը կը նախատեսէ խաղաղութեան համար աղօթք, ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւն, ս. գրային ընթերցումներ եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խորհրդածութիւնը։ Աղօթքի հսկումին կարելի է խոստովանիլ, քանի այս նախաձեռնութիւնը ապաշխարութեան բնոյթ ունի։
Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը տեղեակ պահած է աշխարհի եպիսկոպոսական խորհուրդներու նախագահները Սրբազան Քահանայապետի նախաձեռնութեան մասին։ Նոյնը ըրած է եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդը տեղեակ պահելով քոյր եկեղեցինեը եւ միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը։
Իսկ 3 սեպտեմբերին կրօնաւորներու ու նուիրեալ հոգիներու ժողովը հրաւիրեց հռոմաբնակ բոլոր կրօնաւորական միաբանութիւնները մասնակցելու աղօթքի հսկումին եւ քաջալերեց աշխարհի զանազան վայրերու կրօնաւորները պատշաճ նախաձեռնութիւն մը առնել հսկումի օրուան համար։
Յայտնենք՝ բազմաթիւ են յարողները Սրբազան Քահանայապետի աղօթքի հսկումի նախաձեռնութեան։ ԱՄՆի, ֆրանսայի, Անգլիոյ եկեղեցիները արդէն իրենց յարումը յայտնած են, Լատին Ամերիկայի, Փիլիփեաններու եւ Ափրիկէի եկեղեցիները, նոյնպէս այդ կոչին յարած են քոյր եկեղեցիները, մահմետականներ ... ''Խաղաղութեան շղթան'' այլեւս շարժման մէջ է անհատական ու խմբային բազմաթիւ յարումներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.