2013-09-04 09:51:09

Կոչ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան


Աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր, Սուրիան ու անոր հետ Սուրիոյ մեր հայկական օճախը կ՛ապրին տագնապալի վիճակներ. երբեմնի ինքնաբաւ ու բարօր գաղութը մատնուած է անձկագին դրութեան, ու մեր ժողովուրդին զաւակները կարօտ դարձած են անմիջական օժանդակութեան։
Տագնապին առաջին օրերէն սկսեալ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական ընտանիքը, միասնական կեցուածքով, միահամուռ ընդառաջեց Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ ձեռնարկեց օժանդակութեան աշխատանքի, բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, մանուկին ու տարեցին։ Մեր գաղութի մեծ ընտանիքին բոլոր զաւակները համախմբող՝ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինին՝ SARF-ի, մարմնաւորումն ու անոր միամեայ բեղուն գործունէութիւնը պերճախօս վկայութիւնն են մեր գաղութի հոգածու եւ կարեկից կեցուածքին։
Հակառակ բարեմիտ ճիգերու եւ խաղաղութեան կոչերու, Սուրիոյ կացութիւնը բարելաւում չ՛ապրիր, այլ ընդհակառակն, կը գտնուի յաւելեալ վատթարացման վտանգի տակ։ Ժողովրդային զանգուածներ, ներառեալ մեր ժողովուրդի զաւակները, կը գտնուին նորանոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման։ Տեղի կ՛ունենան մարդկային ամէն օրէնք ու սկզբունք ոտնակոխող արարքներ, որոնց զոհ կ՛երթան անմեղ բնակիչներ, եւ կ՛աւերուին շէներ։
Ինչպէս տագնապի առաջին օրերուն, նոյնպէս ալ այսօր, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր ժողովուրդը համայն հայութեան հետ միացեալ կամքով կը կանգնի սուրիական հայրենիքին, անոր տառապեալ ժողովուրդին ու շրջանի հայութեան կողքին։
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ այս միասնականութիւնը այսօր ալ գործնապէս արտայայտէ՝ ընդառաջելով SARF-ին՝ Միացեալ մարմինի ճիգերուն, յաւելեալ օժանդակութիւններ գոյացնելով աշխատի մեղմացնել մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն տառապանքը եւ ամոքէ անոնց ցաւը։
Այս առթիւ, մեր ժողովուրդը կը հրաւիրենք մասնակից ըլլալու նաեւ Սուրիոյ հայութեան ապահովութեան հայցի Աղօթքի Օրուան, Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2013ին, մեր բոլոր յարանուանութիւններու եկեղեցիներուն մէջ։ Մեր յոյսը չէ սպառած. կը հաւատանք, որ այս տագնապը պիտի մարի եւ Սուրիան ու իր ժողովուրդը պիտի հասնին խաղաղութեան ափ։
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.