2013-09-03 09:36:02

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 3 Սեպտեմբերի Խաղաղութեան Ի Սպաս Թուիթերը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր թուիթերեան կայքի վրայ այսօր եւս հրատարակեց խաղաղութեան ի սպաս թուիթներ որոնցմէ առաջինին մէջ կը գրէ`

''Յիսուս իր գալուստով մեր կեանքը կը բարեփոխէ։ Անոր միջոցաւ կ՛անդրադառնանք թէ Աստուած սէր է, հաւատարմութիւն է, կեանք է որ կը նուիրուի''։

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը ձգտի խաղաղութեան հաստատման ըսելով`

''Կ՛ուզենք որ խաղաղութիւնը ժայթքէ մեր այս ընկերութեան մէջ որ յօշոտուած է բաժանումներէ եւ ընդհարումներէ։''








All the contents on this site are copyrighted ©.