2013-09-03 11:48:03

Հարաւային Քուրիայի Եկեղեցին Սեպտեմբեր Ամիսը Հռչակած Է Որպէս ''Նահատակներու Ամիս''։


Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանապետը կը հրաւիրէ թերակղզիի հաւատացեալները ամրապնդելու իրենց քրիստոնեական հաւատքն ու յանձնառումը Աւետարանի տարածման։
Ողջունելով Հարաւային եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնը, որով կը հռչակէ սեպտեմբեր ամիսը որպէս ''նահատակներու ամիս'' կը քաջալերէ թերակղզիի հաւատացեալները աղօթքով ու նահատակներու օրինակով զօրացած ամրապնդուին քրտիստոնեական հաւատքին մէջ ու աշխատին Աւետարանի տարածաման իրենց բարի օրինակով ու քարոզութեամբ։ Քուրիայի եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն 20 սեպտեմբերը տօնն է Քուրիայի 103 մարտիրոսներու որոնք 19-րդ դարուն զոհ եղան կրօնական հալածանքի։ Յայտնենք որ կաթողիկէ եկեղեցին Հարաւային քուրիայի մէջ միշտատեւ աճում կ'արձանագրէ։ Ներկայիս կը ներկայացնէ բնակչութեան 10 տոկոսը իսկ կղերականներու թիւը աւելի քան 5 հազար է։







All the contents on this site are copyrighted ©.