2013-09-03 09:47:31

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի Պաշտօնական Այցելութիւնը Հայաստան


Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան դիւանը այսու գրով կը յայտնէ թէ, Ուրբաթ 30 Օգոստոս 2013-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, պաշտօնական այցելութեամբ մը Հայաստան մեկնեցաւ:
Գերապայծառ Հայրը, իր այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Տիար Տիգրան Սարգսեանի և այլ պետական անձնաւորութիւններու հետ: Մեծաւոր Հօր կ'ընկերանային Միաբանութեանս երիցագոյն անդամներէն՝ Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան և Հայաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Ռափայէլ Արք. Մինասեան: Պաշտօնական այս հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Հայ ժողովուրդի զաւակները յուզող հարցեր. Միջին Արեւելքի տագնապը և անոր ազդեցութիւնը շրջանի Հայ ժողովուրդի զաւակներուն վրայ. ինչպէս նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան գրանցման յոյժ կարեւոր գործընթացը: Մտերմիկ զրոյցէ ետք Պրն. Տիգրան Սարգսեանը խոստացաւ իր կարելին ընել այս ուղղութեամբ:
Այս առթիւ, Մեծաւոր Հայրը այցելեց նաեւ Սփիւռքի Նախարարութիւն. ուր հանդիպում ունեցաւ Ազնուափայլ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի հետ: Քննարկման նիւթ եղաւ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի և Զմմառու վանքի միջեւ գոյացած Համաձայնագրին ձեռքբերումները: Մեծաւոր Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայրենի իշխանութեան ցուցաբերած հոգատարութեան, ինչ կը վերաբերի ազգապահպանման և հոգեւոր – մշակութային այնքան կարեւոր հարցերու նկատմամբ:
Զմմառու վանքիս Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան այցելեց նաեւ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանը, ուր տեսակցեցաւ Մատենադարանի Տնօրէն՝ Տիար Հռաչեայ Թամրազեանին և Գլխաւոր Աւանդապահ՝ Պրն. Գէորգ Տէր Վարդանեանի հետ, որոնց հետ քննարկութեան նիւթ եղաւ Մաշտոցեան Մատենադարանի և Զմմառու վանքի փոխ յարաբերութիւնը և այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:
Մեծաւոր Հայրը անգամ մը եւս իր խորին գոհունակութիւնը յայտնեց Մաշտոցեան Մատենադարանի կողմէ ցարդ իրագործուած աշխատանքներուն համար ինչ կը վերաբերի Զմմառու Մատենադարանի Ձեռագիրներու ցուցակագրման:







All the contents on this site are copyrighted ©.