2013-09-03 09:56:31

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցան Հանրապետութեան Հռչակման 22-ամեակին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկներ


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:
Նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի անկախութեան եւ ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներուն, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:
Ձեռնարկներուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, հիւրեր սփիւռքէն եւ արտերկրէն







All the contents on this site are copyrighted ©.