2013-09-02 15:40:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Խաղաղութեան Ի Սպաս Հրատարակած Թուիթերը


Ի տես յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին հռչակած, Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս, աղօթքի եւ ծոմապահութեան երեկոյթին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատելով կիրակի օրուայ ուղղած իր կոչը, թուիթերեան իր կայքին վրայ հրատարակեց շարք մր թուիթներ որոցմէ առաջինը, հրատարակուած երկուշաբթի 2 սեպտեմբերի առաւօտեան կանչ մըն է պատերազմին դէմ. ''Ոչ երբե՛ք Պատերազմ։ Ոչ երբե՛ք Պատերազմ։''
Իսկ երկրորդը որ հրատարակուեցաւ յետմիջօրէին կ՛ակնարկէ Սրբազան Քահանայապետի կիրակի 1 սեպտեմբերի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին ուղղած կոչին Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս. ''Խաղաղ աշխարհ մը կ՛ուզենք եւ կ՝ուզենք ըլլալ խաղաղութեան այրեր ու կիներ''։
Մինչ երրորդ թուիթ մը հրատարակուեցաւ երեկոյեան 18,30-ին որուն մէջ գրուած է
''Որքա՜ն տառապանք որքա՜ն փլուզում, որքա՜ն վիշտ պատճառեց ու կը պատճառէ զէնքերու գործածութիւնը''

Յայտնենք որ երկուշաբթի 2 սեպտեմբերէն սկիզբ առին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական եւ հերթական գործունէութիւնները որ մասամբ դադրած էին ամառնային շրջանի ընթացքին։
Արդարեւ երկուշաբթի 2 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց առօրեայ սուրբ պատարագը Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, մասնակցութեամբ վատիկանի շարք մը պաշտօնեաներուն եւ այդ առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց թէ այնտեղ ուր Աստուած ներկայ է չկայ ատելութիւն, ոխ եւ նախանձ։ ''Հասարակութեան մը, ընտանիքի մը, երկրի մը եւ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ունենալու համար պէտք ենք Տիրոջ հետ ըլլալ։ Որովհետեւ այնտեղ ուր Տէրը ներկայ է հոն կայ եղբայրութիւն - ըսաւ Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.