2013-09-02 12:24:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնն Ու Այսօրուայ Թուիթը։


Երկուշաբթի 2 սեպտեմբերէն սկիզբ կ՛առնեն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական եւ հերթական գործունէութիւնները որ մասամբ դադրած էին ամառնային շրջանի ընթացքին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ գլխաւորեց առօրեայ սուրբ պատարագը որուն ներկայ գտնուեցան վատիկանի շարք մը պաշտօնեաներ։
Ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Մոնդէնէկրօյի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպան` Տիար Վէզէլին Սուքովիչը։ Ապա ժամը 11,20-ին ընդունեց Կարտինալ Կոտֆրիտ Տանիէլզը Պրիւքսէլի երբեմնի արքեպիսկոպոսը որմէ ետք Քահանայապետը ընդունեց հրէական ''World Jewish Congress'' կոչուած հաստատութեան 5 անդամները, հուսկ ժամը 12,15-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Տոքթ. Հէկտոր Նէկրիին` Պուէնոս Այրէսի Արդարադատութեան Գերագոյն Ատեանի Նախագահ։

Ի տես յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին հռչակած աղօթքի եւ ծոմապահութեան երեկոյթին Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպասշ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատելով կիրակի օրուայ ուղղած իր կոչը, իր թուիթերեան կայքէջի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը` Ոչ երբե՛ք Պատերազմ։ Ոչ երբե՛ք Պատերազմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.