2013-09-02 12:11:00

Սուրիոյ Կառավարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ Իր Հողերուն Դէմ Որեւէ Յարձակում Արգիլելու


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ «Սուրիա(…) որեւէ արտաքին յարձակումի դէմ դնելու կարողութիւնը ունի, ճիշդ ինչպէս այսօր ներքին յարձակումին դէմ կը դնէ եւ ապահովութեան ու կայունութեան վերականգնման համար իրերայաջորդ յաղթանակներ կ՛արձանագրէ»:
Ասատ Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտիի գլխաւորութեամբ իրանեան պատուիրակութեան հետ Դամասկոսի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու ամերիկեան սպառնալիքները արգելք պիտի չհանդիսանան, որ Սուրիա կառչած մնայ իր սկզբունքներուն եւ կարգ մը շրջանային ու միջազգային պետութիւններու, նախ եւ առաջ, Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչութեան դէմ պայքարի»:
Պորուժերտի իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ արտաքին յարձակումի ճակատագիրը ձախողութիւնն է եւ այս դաւադրութենէն մեծագոյն վնասուողը Միացեալ Նահանգները պիտի ըլլան:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարեց, որ Սուրիա սպառնալիքներէն պիտի չվախնայ եւ պատրաստ է որեւէ յարձակում ետ մղելու:
Սուրիոյ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած երկու անջատ նամակներու մէջ կոչ ուղղեց անոնց իրենց պարտաւորութեանց տէր կանգնելու, արգելք հանդիսանալու Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակումի եւ հարցերը դէպի Սուրիոյ տագնապի քաղաքական խաղաղ լուծում յառաջ մղելու:
Սուրիոյ կառավարութիւնը իր նամակին մէջ կը նշէ, որ աշխարհը Միացեալ Նահանգներէն կը սպասէր, որ խաղաղութեան հովանաւորի իր դերը կատարէ եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական խաղաղ լուծման համար դրական դերակատարութիւն ունենայ, մանաւանդ որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ առանց նախապայմաններու «Ժընեւ-2»-ին մասնակցի:







All the contents on this site are copyrighted ©.