2013-09-02 12:45:46

Պենետիկտոս ԺԶ-ի Պատարագն Ու Քարոզը ''Ռացինկերի Սաներ'' Կոչուած Նախկին Աշակերտներուն։


Կիրակի մէկ սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը պատարագ մատոյց Վատիկանի մէջ ''Ռացինկերի նախկին աշակերտներուն'' որոնք անցեալ շաբաթ իրենց տարեկան ժողովը գումարեցին, ԳասթելԿոնտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցին մէջ ։

Անոնց ուղղած իր քարոզին մէջ Վաստակաւոր Քահանայապետը ըսաւ` ուղիղ ճամբու վրայ կը գտնուինք երբ պատրաստակամ ըլլանք ծառայելու ու աշխատինք ճանչցնել Աստուծոյ ձրի շնորհքները։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը կեանքին ընթացքին կ'աշխատի բարի տեղ գրաւել։ Սակայն ո՞րն է այդ տեղը, քանի երբեմն առաջինները վերջինները կը դառնան եւ նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտները Վերջին Ընթրիքին իրարու հետ կը կռուէին լաւագոյն տեղը գրաւելու։ Յիսուս ցոյց կու տայ տեղը. Ան կը ներկայանայ որպէս ծառայ, ծնաւ մսուրի մէջ եւ մեռաւ խաչին վրայ։ Ճիշդ տեղը հետեւաբար Անոր մօտ գտնուիլն է։ Եւ առաքեալը, որպէս Քրիստոսէն ղրկուած, վերջինն է հանրային կարծիքին մօտ, եւ այս պատճառաւ Յիսուսի մօտ է։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա յիշեցուց որ Յիսուս ձրիաբար իր սեղանին կը հրաւիրէ կաղերը, կոյրերը, աղքատները։ ''Կեանքի մեծագոյն արժէքները, այսինքն սէրը, բարեկամութիւնը, բարութիւնը, ներումը կարելի չէ ծախու առնել` գնել, անոնք ձրի են եւ Աստուած նոյնպէս ձրիաբար մեզ իրեն կը կանչէ'' եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ։








All the contents on this site are copyrighted ©.