2013-09-02 13:56:51

Միջազգային Գարիթասի Կեցուածքը Յաջս Սուրիոյ Տագնապին։


''բանակցութիւնները միակ լուծումն են Սուրիոյ տագնապին։''
Սուրիոյ զինեալ ու արիւնալի տագնապը կարելի է լուծել միմիայն խաղաղութեան կլոր սեղանին շուրջ, կը հաստատէ Միջազգային Գարիթասի ընդհանուր քարտուղարը Միշէլ Ռուա մատնանշելով որ սուրիացի ժողովուրդը կարիք չունի այլ արիւնայեղութեան այլ պէտք ունի ընդհարումին շտապ լուծումին։ Ան կարիքը ունի հրադադարի։
Օտար զօրութիւններու կողմէ զինեալ միջամտութիւնը պիտի սատարէ պատրերազմի հրահրումին ու բազմապատկէ շատերու տառապանքը։
Գարիթասը կը վերյիշեցնէ Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ Լիպիոյ զինուորական միջամտութիւններու ողբերգական հետեւանքները։ Գարիթասի գնահատումով մարդասիրական միջամտութիւնը միակ ուղին է բանակցութեան։ Երկխօսութիւնը կարող է վերջ տալ պատերազմին, փրկել հոգիները, եւ կերտել բոլորին համար նոր ապաքայ։ Սուրիոյ Գարիթասի նախագահը` գերապայծառ Օտօ յոյս յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը սկիզբ տայ հրադադարի եւ ճշմարիտ երկխօսութեան մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.