2013-09-02 12:35:12

Հայր ֆրանքօ Անթոնիօ Երանելի Կը Հռչակուի


Իտալիոյ Սիկիլիա նահանգի Մէսսինա քաղաքի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, երկուշաբթի 3 սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 06.00 ին տեղի կ՝ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ որուն ընթացքին երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ Ծառայ գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքօն`Աբբահայրը Սանդա Լուչիայի տէլ Մէլա վանքին (1585 – 1626)։ Սուրբ պատարագի եւ երանազման արարողութիւնը կը նախագահէ գերապայծառ Անճէլօ Ամաթօ՝ կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին։

Գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքօ ծնած է Նաբոլի , ստացած է քրիստոնէական դաստիարակութիւն, աւարտած է համալսարանական բարձրագոյն ուսմունքը՝ ստանալով եկեղեցական եւ քաղաքացիական իրավաբանական մասնագիտութիւն։
Կարճ ժամանակ մը Հռոմ բնակելէ ետք, տեղափոխուեցաւ Մատրիտ։ Քահանայ ձեռնադրուելէ ետք, ծառայած է թագաւորական պալատներուն մէջ իբրեւ մատրանապետ եւ զատորոշուած է ուրիշներէն իր առաքինութեամբ եւ ողորմութեամբ։
1616 Սիկիլիոյ թագաւորը՝ մատենապետ կ՛անուանէ Հայր ֆրանքօն ամբողջ սիկիլիոյ թագաւորութեան վրայ։
Պօղոս Ե. Քահանայապետը անոր կը շնորհէ Քահանայապետական ատենդպիրի տիտղոսը։
18 Մայիս 1617 ին Հայր ֆրանքօ կը մեկնի Սանդա Լուչիա եւ հոն սկիզբ կու տայ հովուական նոր առաքելութեան։
Հայր ֆրանքօ յատուկօրէն աշխատեցաւ արդարութեան ի նպաստ, պայքար մղելով վաշխառութեան, աւազակութեան եւ տգիտութեան դէմ։ Գործադրեց Դրէնթոյի տիեզերական ժողովին որոշումները վերանորոգելով կղերին կազմաւորումը եւ զբաղելով յատկապէս կոչումներով։
Մեծ գործ տարաւ ժողովուրդին քրիստոնէական դաստիարկութեան գծով։Կեանքը նուիրեց ծոմապահութեան եւ ապաշխարհութեան ու երիտասարդ հասակին` 42 տարեկանին իր հոգին աւանդեց առ հայրը։
Հայր ֆրանքոյի համբաւը կը տարածուի ամենուրէք իր կատարած հրաշքներուն հետեւանքով։
Չորս դարերու ընթացքին իր անապական մարմինը՝ կը հանդիսանայ հաւատացեալներուն համար համար աղօթքի եւ ուխտի վայր։
Երանացման առթիւ հայր ֆրանքօյի անապական մարմինը՝ պիտի զետեղուի Մէսսինայի աթոռանիստ տաճարին մէջ, մինչեւ յառաջիկայ 13 սեպտեմբեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.