2013-08-31 09:25:05

Օպամա Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հարուածին Վերաբերեալ Տակաւին Վերջնական Որոշում Մը Չէ Տուած


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ գիշեր ամերիկեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տուած: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութիւնը կը վտանգէ, աշխարհին ուղղուած մարտահրաւէր մըն է եւ շրջանին մէջ Ամերիկայի դաշնակիցներուն դէմ ուղղուած սպառնալիք մը` աւելցնելով, որ ինք Սուրիոյ մէջ սահմանափակ գործողութեան մը մասին կը մտածէ եւ ոչ թէ բաց ժամկէտով պատերազմի մը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` խօսելով Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման մասին, յայտնեց, որ այդ ոճիրը դատապարտելը բաւարար չէ, այլ պէտք է հակադարձել անոր, իսկ Ամերիկայի բարեկամները պատրաստ են ատոր: Ան ըսաւ, որ ամերիկացի ժողովուրդը յոգնած է պատերազմներէն, սակայն «պատմութիւնը մեզ պիտի դատէ, եթէ քիմիական զէնքի օգտագործման չհակադարձենք»:
Քերրի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ միջամտութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլայ, բաց ժամկէտով պիտի չըլլայ եւ սուրիական քաղաքական պատերազմին մէջ «պիտի չմիջամտենք»` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են Սուրիոյ տագնապին բանակցութեան ճամբով խաղաղ լուծման: Ան նշեց, որ Ղութայի յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 1429 զոհեր, որոնցմէ 426¬ը` մանուկներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.