2013-08-31 09:42:42

Սեպտեմբեր Ամիսով Կը Վերսկսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պաշտօնական Ունկնդրութիւնները։


29 օգոստոսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Յորդանանի թագաւորը ընդունելով սկիզբ տուաւ պաշտօնական ունկնդրութիւններուն, որ երկու ամիսէ դադրեցուցած էր։

Արդարեւ յառաջիկայ շաբաթներուն Սրբազան Քահանայապետը պիտի ընդունի Պոլիվիայի եւ Հոնտուրասի նախագահները, ինչպէս նաեւ Թայլանտիայի եւ Լիտուանիայի նախարարապետերը։

4 սեպտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը պիտի ընդունի Սան Մարինօյի փոքրիկ հանրապետութեան երկու կառավարիչները։

6 սեպտեմբերին պիտի ընդունի Պոլիվիայի նախագահը տիար Էվօ Մորալես, որ անցեալ 28 յուլիսին ներկայ եղած էր Երիտասարհութեան համաշխարհային Օրուան փակման պատարագին։

12 սեպտեմբերին` Վատիկան կ՛այցելէ Թայլանտիայի վարչապետը` տիկին Շինաուադրա: 19 սեպտեմբերին` Լիտուանիայի նախարարապետ Պուլդքեւիչիուս, իսկ 20 սեպտեմբերին` Հոնտուրասի նախագահը` Փորֆիրօ Սոզա։

22 Սեպտեմբերին Սրբազան Հայրը հովուական միօրեայ այցելութիւն կը կատարէ Սարտենիա իտալական կղզիին։

4 սեպտեմբերէն սկսեալ Սրբազան Քահանայապետը պիտի սկսի ընդունիլ Վատիկանի մօտ հաւատարամագրուած նոր դեսպանները Մոնթենեկրոյի,Սլովաքի, Լեհաստանի, Պրազիլի, Պուլկարիոյ եւ Փեռուի։

18 սեպտեմբերի ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին պիտի հիւրընկալէ նոպելեան խաղաղութեան մրցանակակիր Օսքար Սանչես երբեմնի Գոսդա Ռւգայի նախագահը








All the contents on this site are copyrighted ©.