Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի Մահուան Առաջին Տարելիցը։
Շաբաթ 31 օգոստոս 2013-ին կը նշուի Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի մահուան առաջին տարելիցը։
85 ամեայ կարտինալը իր հոգին աւանդած էր 2012-ի 31 օգոստոսին Յիսուսեաններու Կալլարադէի
տան մէջ։ Կարտինալ Մարթինիի մահուան տարելիցին առթիւ շաբաթ 31 օգոստոսի յետմիջօրէի
ժամը 17,30-ին Միլանոյի ''Duomo''-ին մէջ տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ
զոր կը գլխաւորէ Միլանոյ Թեմի Առաջնորդ` Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան։ Նոյն օրը թեմին բոլոր
ժողովրդապետութիւններուն մէջ կը կազմակերպուին հոգեհանգստեան արարողութիւններ երջանկայիշատակ
Կարտինալ Մարթինիի յիշատակին։ Յիսուսեան միաբան Կարտինալ Մարթինին Միլանոյի առաջնորդ
եղած է 1979-էն մինչեւ 2002ը։ Ան ծնած էր Թորինօ` 15 փետրուար 1927-ին։ 17 տարեկանին
կ՛անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան եւ 1952-ի յուլիս 13-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ Հմուտ
աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ 1978-ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը
զինք կը նշանակէ Հռոմի՝ Գրիգորեան Համալսարանի Փոխ Րէկտոր։1979-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ
անոր կը յանձնէ Միլանոյի Արքեպիսկոպոսւթեան առաջնորդութիւնը։ 1983-ի փետրուարին կը ստանայ
ծիրանաւորի աստիճանը։ 11 յուլիս 2002-ին, 75 տարեկանին, Մարթինի կարտինալը իր հրաժարականը
կը ներկայացնէ ու կը փոխադրուի Երուսաղէմ ուր կը շարունակէ Աստուծաշունչի իր ուսումնասիրութիւնները
մինչեւ 2007 թուականը։ 2008-ին առողջութեան պատճառներու բերումով կը վերադառնայ Միլանօ
ուր կը կնքէ իր մահկանացուն 2012-ի 30 օգոստոսի յետ միջօրէի ժամը 15:45-ին։ Յայտնենք
որ երէկ 30 օգոստոսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ ընդունելով
Յիսուսեան Միաբանութեան Իտալիոյ Ընդհանուր Մեծաւոր` Հայր Գարլօ Գազալոնէ եւ ''Գարլօ Մարիա
Մարթինի Հիմնարկի'' անդմաները խրախուսեց զանոնք վառ պահելու Հոգելոյս Կարտինալի յիշատակը
որպէս ''արդար պարտակնութիւն''։