2013-08-31 09:56:15

ԽՕՍէ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ
Հայ Դիցաբանութեան Յատկանիշերը


(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)
(շարունակութիւն)


Ըստ հայկական մեր իւրայատուկ սովորութեան, մենք միւս ազգերուն մշակոյթէն, գեղար-ւեստէն, ծէսէն ու ճարպարապետութենէն քաղած ու հայացուցած ենք միայն ա՛յն ինչը որ համապատասխանած է մեր պահանջքներուն: Մենք մեղուի գործ կատարած ենք. զանազան ծաղիկներէ քաղելով` մեր մեղր շինած ենք: Նոյնը կատարած ենք Դիցաբանութեան մէջ:
Որքան ալ հայ Ազգը իր Պանթէոնը մեղուի նման զանազան աղբիւրներէ կազմած ըլլայ, սակայն ան գիտցած է նաեւ պահպանել այն ինքնուրոյն յատկութիւնները, որոնք արտա-յայտութիւնն են իր ազգային դիմագիծին: Այլ խօսքով, հայ դիցաբանութիւնը, թէեւ կազ-մուած է իրանական, ասորական կամ յունական տիպարներէ, սակայն ազգային նկարա-գիր մը առած է:
Այսպէս.
    Արամազդը (իրանական Ահուրա Մազդա) մեզ մօտ միահեծան չաստուած է: Մեր դիցաբանութիւնը չի ճանչնար չար ու բարի աստուածներու երկութիւնը, ինչպէս որ կայ իրանական դիցանանութեան մէջ:
    Իրանական Պանթէոնին մէջ կին չաստուած չի գտնուի, մինչդեռ մեր դիցաբա-նութեան մէջ բազմաթիւ դիցուհիներ կան, որոնք բաբելոնական կամ յունական դի-ցաբանութիւններէն առնուած են եւ հայ հեթանոսական շրջանին լայն մեծարանք վայելած են:
    Մեր դիցաբանութեան մէջ չենք գտներ մեռելներու պաշտամունքը, ինչ որ հասարակ երեւոյթ է եգիպտական, յունական եւ միւս կրօններու մօտ: Արայի եւ յարալէզներուն աւանդավէպը կը խորհրդանշէ բնութեան վերածնունդը եւ ո՛չ թէ մեռելներու պաշտամունքը:
    Հայ դիցաբանութեան մէջ չկայ չաստուածներուն եւ մարդոց միջեւ միջնորդի կամ պատգամաբերի տիպարը, ինչպէս Զարադուստրան` Պարսից մօտ:
    Միւս կրօնները աստուածներու երրորդութիւն մը ունին, ինչպէս` զրադաշտական կրօնին Արամազդ-Միհր-Ահրիման երրորդութիւնը: Սակայն ըստ Ագաթանգեղոսի հայկական դիցաբանութիւնն ալ կը ճանչնար Արամազդ-Անահիտ-Վահագն երրորդութիւն մը:















All the contents on this site are copyrighted ©.