2013-08-31 09:26:37

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ՝ Իսլամագիտութեան Կեդրոն


ԵՐԵՒԱՆ, 27 Օգոստոսին Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան կաճառին մէջ բացումը կատարուած է Իսլամագիտութեան կեդրոնին:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի համաձայն, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ իսլամագիտութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի մարդասիրական գիտութիւններու եւ մշակութագիտութեան հիմնարկին մէջ հայագիտութեան կեդրոնի բացման վերաբերող համաձայնութիւն գոյացած է նախորդ տարի՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Իրանի կրթութեան նախարար Համիձրա Հաճիպապայի միջեւ:
«Կենտրոնը, նախեւառաջ, պէտք է զբաղուի իսլամի փիլիսոփայութեան եւ էսթետիկայի, մասնաւորապէս, շիիթական իսլամի հարցերով», յայտնած է Սիմոնեան։
Ան դիտել տուած է, որ թէեւ կեդրոնը ստեղծուած է արեւելագիտութեան կաճառի ծիրին մէջ, սակայն անիկա ընդհանուր համալսարանական արժէք ու տարողութիւն պիտի ունենայ, «քանի որ Կենտրոնի հետ սերտ կապեր կը լինեն նաեւ աստուածաբանական եւ պատմական ֆակուլտետների հետ»:
Իրանի մարդասիրական գիտութիւններու եւ մշակութագիտութեան հիմնարկի ղեկավար, իրանական պատուիրակութեան ղեկավար Համիտրեզա Այաթոլահին ընդգծած է, որ կեդրոնը պիտի նպաստէ ուսանողներու փոխանակման, մարդուժի վերապատրաստութեան, հայիրանական յարաբերութիւններու վերաբերող աշխատութիւններու թարգմանութեան ու հրատարակման:
Ան տեղեկացուցած է, որ իր գլխաւորած հիմնարկին մէջ հայագիտութեան կեդրոնը արդէն լիարժէքօրէն կը գործէ։ «Մեր ուսանողները հիմնականօրէն իրանահայեր են, մենք ունինք բազմաթիւ հայ դասախօսներ: Ներկայիս լծուած ենք հայ հեղինակներու աշխատութիւններու թարգմանութիւններով», բացատրած է ան:
Այաթոլահին յոյս յայտնած է, որ հետագային Հայաստանի ուսանողները նոյնպէս ուսանին Իրանի մարդասիրական գիտութիւններու եւ մշակութագիտութեան հիմնարկին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.