2013-08-31 09:27:25

Արաբական Երկիրները Իրենց Սեփական «Շենկեն»-ը Պիտի Ստեղծեն


Օպոզրիեւաթել»` յղում կատարելով «Քոմերսանթ-Ուքրանիա»-ին, կը հաղորդէ, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները համաձայնութիւն կնքած են մուտքի արտօնագիրի ընդհանուր գօտիի ստեղծման եւ սահմաններու միացեալ պաշտպանութեան վերաբերեալ: Ատիկա կը նշանակէ, որ արդէն 2014-ին Արաբական թերակղզիին մէջ, բացառութեամբ անկայուն Եմէնի, Շենկենի նման միասնական մուտքի արտօնագիրի տարածք պիտի ստեղծուի:
Փորձագէտներուն կարծիքով` նման միջոցառումներու շնորհիւ արաբ միապետները յոյս ունին իրենք զիրենք ապահովելու «Արաբական գարնան» հետեւանքներէն:
«Արաբական Շենկեն»-ը Արաբական թերակղզիին մէջ պիտի յայտնուի 2014-ի կէսերուն:
Խօսքը զբօսաշրջիկներու համար ամիսը մէկ անգամ եւ տարեկան յաճախակի մուտքի արտօնագիրներու մասին է, որուն նպատակը ամբողջ Արաբական թերակղզիին մէջ ազատ տեղաշարժն է, բացառութեամբ` Եմէնի:
Մուտքի արտօնագիրը ստանալու համար դիմողը պէտք է իր դրամատնային հաշիւին վերաբերեալ տուեալներ ներկայացնէ:
Աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու քաղաքացիներ այժմ պէտք է մուտքի արտօնագիր ստանան Արաբական ծոցի իւրաքանչիւր երկիր մուտք գործելու համար: Շենկենեան գօտիի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Մալեզիոյ քաղաքացիները այժմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Օման եւ Պահրէյն մուտք գործելու համար մուտքի արտօնագրի պէտք չունին, սակայն Սէուտական Արաբիան եւ Քուէյթը կը պահանջեն զայն:
Նոր համակարգին գործադրութեամբ այդ երկիրներուն հետ ստիպուած պիտի ըլլան դարձեալ համաձայնութիւն գոյացնել:
Խորհուրդի անդամները յոյս ունին, որ միացեալ մուտքի արտօնագիրը պիտի խթանէ առեւտուրի, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացումը: Իսկ փորձագէտները նման քայլի գլխաւոր նպատակը կը նկատեն ընդհանուր սահմաններու եւ անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ամրապնդումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.