2013-08-30 09:42:41

Վկայութիւն Յորդանանէն. «Մեռեալ» Ծովն Ու «Ապրող» Եկեղեցին


ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յորդանանը ունի պատմութենէն ժառանգուած մշակութային բազմաթիւ արժէքներ, որոնք կու գան հարստացնելու երկրին քաղաքակրթութիւնը, ինչպէս նաեւ` բնութիւնը,
տեսարաններն ու տեսարժան վայրերը: Թէեւ այս տեսարաններուն մէջ կան անապատային բաժինները, բայց նաեւ կայ ատկէ դուրս եկող գեղեցկութիւնը, որ թերեւս կրնայ նկատուիլ «չոր» եւ «միապաղաղ», բայց խորքին մէջ ապրող վկայութիւն է: Այս վկայութիւններուն կարգին կան նաեւ աստուածաշնչական ենթահողէ եկած իրավիճակներ, որոնք իւրաքանչիւր այցելու կը դնեն այդ իրականութիւններու դէմ յանդիման` մէկ կողմէ գօտեպնդելով հաւատքը, միւս կողմէ` արժէքը:
Մեռեալ ծովը - Հետաքրքրական է Մեռեալ ծովը դիտել իբրեւ Յորդանանի այդ գեղեցիկ իրականութեան մէկ անբաժանելի մասնիկը: Չէ՞ որ մահուան ու կեանքին, թէկուզ հակասական հասկացողութիւններուն մէջ կան իրարու բախող եւ շատ անգամ նաեւ իրարու շաղկապուած իրավիճակներ, որոնք կու գան ամբողջացնելու մարդուն եւ անոր
պատմութեան հոլովոյթները: Այս իրականութենէն մեկնած` կարելի է բացատրութիւն
գտնել ծովուն «մեռեալ» կոչուելուն, երբ անոր գեղեցկութիւնը վեր է ամէն կասկածէ: Կայ նաեւ աւելին. անիկա կը կոչուի նաեւ «Աղի ծով», իսկ աղը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` կեանքի նշան… Բայց Մեռեալ ծովուն մէջ կը հոսի նաեւ այլ կենդանի իրականութիւն մը` Յորդանան գետը…: Յորդանան գետին առնչուած է աստուածաշնչեան եւ քրիստոնէական մշակոյթին մէկ մեծ ու կարեւոր իրականութիւնը` հոն մկրտուեցաւ Քրիստոս… անոր հանդիպակաց տարածքին շրջակայքը կան քրիստոնէական տարբեր համայնքներու պատկանող եկեղեցիներ եւ եկեղեցական շէնքեր, որոնք կառուցուած են պետական արտօնութեամբ եւ հրամանագիրով` շրջանին քրիստոնէական մշակոյթի իրականութիւնը աւելի եւս ամրապնդելով:
Այդ եկեղեցիներուն շարքին է նաեւ հայկականը. հոս կը սկսի հայուն հպարտութիւնը:
Հպարտութիւն` քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ճանչցած առաջին ժողովուրդը ըլլալու եւ քրիստոնէական մշակոյթին մէջ` համաշխարհային եւ ներազգային, մեծ ու գործօն անդրադարձ ունեցած ըլլալու, բայց նաեւ կայ այլ հպարտութիւն մը եւս…
Չէ՞ որ Յորդանանի մէջ կայ հայկական փոքր գաղութ մը` շուրջ 3000 անհատ հաշուող, ունի մէկ փոքրիկ հայկական նախակրթարան, երկու եկեղեցի, քանի մը մշակութային,
բարեսիրական եւ մարզական կազմակերպութիւններ… հայկական «փոքր» գաղութը գիտցած եւ կրցած է իր տեղը ունենալ քրիստոնէական եւ պատմամշակութային արժէք ներկայացնող Յորդանան գետի ընդարձակ երկայնքին` հանդիսանալով հայկական իրականութիւն մը` Սուրբ Կարապետ եկեղեցին' տարբեր եկեղեցիներու
կողքին` Անիկա կը հանդիսանայ «ապրող» իրականութիւն մը` «մեռեալ»-ի կողքին:
Ծովուն շրջակայքին մէջ է, բայց ունի իր վկայութիւնը` մէկ կողմէ հայուն քրիստոնէական մշակոյթի ինքնութեան Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ ինքնագիտակցութեան, միւս կողմէ` հայուն պատմութեան: Վկայութիւն մը, որ հայը իր բազմաչարչար պատմութեան եւ անոր «կոտտացող» վէրքերուն մէջէն տակաւին «ապրող» իրականութիւն է, նաեւ` այն մասին, որ հայը տակաւին կը գոյատեւէ սփիւռքի մէջ շրջանցելով «մեռած» կամ «մեռնելու ենթակայ» ըլլալու փորձառութիւնները եւ ապրելով նոյնիսկ Մեռեալ ծովու տարածքին:
Հակառակ փոքր ըլլալուն, Յորդանանի հայկական գաղութը ունի իր շարունակուող
պատմութիւնը: «Մեռեալ» իրավիճակներու մէջէն` «ապրող» իրականութիւնը, թէ` պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն իսկ հայը գիտցաւ «ապրիլ» եւ այս «ապրելու» իրականութիւնը զինք հասցուց այս օրուան:








All the contents on this site are copyrighted ©.