2013-08-29 11:18:52

Հայ Ենք Մենք» Թատերական Խումբը Մայր Հայաստանի Մէջ


2013 տարին շատ յատկանշական եւ բեղմնաւոր եղաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի թատերախումբին համար: Ընթացիկ տարուան Ապրիլ ամսուան ընթացքին երեք ելոյթներով լիբանանահայ հանրութեան ներկայանալէ ետք, 2 Օգոստոսին թատերախումբը մեծ խանդավառութեամբ մեկնեցաւ Հայաստան՝ մասնակցելու ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն 2013» ծրագրին, ուր կը միախմբուին Սփիւռքի զանազան անկիւններէ ժամանած պարման-պարմանուհիներ: Աննկարագրելի ուրախութիւն մը կար իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ, հայրենիքը տեսնելու ոգեւորութիւնը պատած էր անոնց ամբողջ հոգին:

17 օրուան կեցութիւնը եւ հիւրընկալութիւնը ապահովուած էր Քանաքեռի Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Նարեկացի Առաջնորդարանին կողմէ, հովուապետութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ Հայր Ռա‎ֆայէլ արք. Մինասեանին:

«Արի Տուն 2013» ծրագրի բացումը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, 5 Օգոստոսին, «Էրէբունի Փլազա» շէնքին մէջ, որուն ընթացքին շնորհակալական խօսք արտասանեց վարժարանիս հայերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Մարգրիտ Ազատեան, եւ թատերախումբի անդամներէն Գոհար Յակոբեան մեներգեց «Երազ իմ Երկիր Հայրենի» երգը:
10 օրերու ընթացքին, ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցան պտոյտներ դէպի հայկական զանազան շրջաններ, ինչպէս Երեւանի պետական թանգարան, Օշական գիւղ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցի, Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցի, Սարդարապատ, Էջմիածին, Պատմութեան թանգարան, Մատենադարան, Գառնի, Գեղարդ, Խոր Վիրապ, Նորավանք, Ամբերդ, Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան, ՀՀ Կեդրոնական դրամատուն եւ Սեւանավանք: Վարժարանիս խումբը ունեցաւ նաեւ այլ անձնական պտոյտներ, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը դէպի Արագած լեռ պտոյտն էր, որուն գագաթին եւ լանջին անոնք ունեցան յիշատակելի եւ անմոռանալի պահեր, ուր քարի լիճի ափին ծածանեցին վարժարանիս դրօշը:
Չմոռնանք նաեւ օրական դրութեամբ տեղի ունեցած օգտաշատ դասընթացքները, ի մասնաւորի հայերէն լեզուի, որոնք յաւելեալ շունչ եւ ոգի կը ներշնչէին մեր աշակերտներուն:
Բոլոր շրջապտոյտները յատուկ դրոշմ ձգեցին իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ: Այն բոլոր վայրերը, որոնց մասին կարդացած ու սորված էին Հայոց Պատմութեան գիրքին մէջ, բոլորին այժմ ականատես կ’ըլլային, շփում կ’ունենային հայրենի քարին ու հողին հետ, եւ խոր ապրումներով կ’ըմբոշխնէին անոնց տուած ուժն ու ոգեշնչումը: Այս պտոյտներու աւարտին տեղի ունեցաւ չորսօրեայ ճամբար մը Աղաւնաձորի մէջ, որուն վերջին օրը խարուկանահանդէսով մը փակուեցաւ այս տարուան յայտագիրը: Խարուկահանդէսին ընթացքին մեր խումբը մասնակցեցաւ յայտագրի պարերուն, արտասանութիւններուն եւ երգերուն, իսկ մեներգով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գոհար Յակոբեան: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ 2011 թուականի մանուկներու Եւրոտեսիլի Հայաստանի ներկայացուցիչ Տալիթա Աւանէսեան եւ նոյն մրցոյթի Վրաստանի ներկայացուցիչ Աննա Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ «Հայկազունք» գաւառական խումբը: Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սփիւռքի փոխ-նախարար Վաճէ Ճիլաւեան, որ դրուատեց սփիւռքահայերը մայր հայրենիքի մէջ եւ հայկական շունչով համախմբելու «Արի Տուն» ծրագրին կարեւորութիւնը եւ արժանիքը: Խօսք առաւ նաեւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ գնահատեց նախարարութեան այս ծրագիրը, շնորհակալութիւն յայտնեց գերազանց եւ շատ գեղեցիկ ձեւով կազմակերպութեան համար: Ան սրտի անհուն գոհունակութեամբ նշեց, թէ «հեռուէն երազելու հանգրուանը անցանք եւ անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին շօշափեցինք, շնչեցինք, տեսանք, զգացինք հայրենի հողին ուժը եւ լիցքաւորուեցանք հայկականութեամբ, ուժանիւթ մը՝ որ մեզի պիտի մղէ Սփիւռքի մէջ գոյատեւելու, մեր սեւեռումները կեդրոնացնելով հայրենիք վերադառնալու հաստատակամութեան վրայ»:
***
Հայրենիք մեկնելու գլխաւոր երազներէն եւ նպատակներէն էր նաեւ «Հայ Ենք Մենք» երաժշտախառն թատրոնը ներկայացնել հայրենի բեմին վրայ: Արդարեւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհիւ պատեհ առիթը ունեցանք յաւելեալ ելոյթով մը ներկայանալու Երեւանի Մհեր Մկրտչեան դահլիճին մէջ, Ուրբաթ 9 Օգոսոտոսի երեկոյեան: Ելոյթին ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտոս Զաքարեան եւ նախարարութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեան, ինչպէս նաեւ «Հ1» պատկերասփիւռի եւ հայկական այլ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Նախքան ներկայացման մեկնարկը, խօսք առաւ նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան, որ քաջալերեց մանկապատանեկան գեղարուեստական-մշակութային նախաձեռնութիւնները, ի մասնաւորի սփիւռքի ափերուն, ուր հայորդիները այսպիսի ձեռնարկներով կը դրսեւորեն հայ ապրելու եւ հայ մնալու իրենց վճռակամութիւնը:
Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան եւս խօսք առնելով հանդիսատեսներուն հակիրճ կերպով ներկայացուց Լիբանանի մէջ 3 ելոյթներ ունեցած «Հայ Ենք Մենք» թատրոնին նիւթը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան պատասխանատու պաշտօնատարներուն, որոնց շնորհիւ պատուաբեր առիթը եւ հնարաւորութիւնը ընծայուեցաւ բարձրանալու Մհեր Մկրտչեան դահլիճի բեմին վրայ:
***
Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոսի առաւօտեան, տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան Սփիւռքի նախարարութեան մօտ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ՝ Ատոմ Մխիթարեանի եւ գիտակրթական ծրագիրներու բաժնի պետ՝ Սիրվարդ Համբարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նախարարութեան հովանաւորած սփիւռքահայութեան հետ առնչուած բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրները, որոնց կապակցութեամբ համագործակցութեան խոստումներ կատարուեցան: Այս շահեկան տեսակցութիւնը առիթ եղաւ երկու կողմերուն համար ծանօթանալու թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի լիբանանեան հատուածին մէջ տեղի ունեցող գործունէութիւններուն եւ կատարուած հայապահպանման աշխատանքներուն: Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում. նախարարութեան կողմէ վարժարանիս նուիրեցին հայկական մեծ դրօշ, մեծ քարտէզ, այբուբենի շրջանկար, ՀՀ զինանշան եւ այլ յիշատակելի նուէրներ: Իսկ վարժարանիս կողմէ տիար Ֆիրտոս Զաքարեանին փոխանցուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին նուիրուած եւ ուղղուած գնահատանքի եւ երախտագիտութեան յուշանուէրը:
***
Հայրենիք այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ Կիրակի 18 Օգոստոսի առաւօտուն տեղի ունեցած պատարագով՝ նուիրուած Ս. Կոյս Աստուածածնի վերափոխման տօնին: Իսկ երեկոյեան, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն արհիապատիւ հայր Ռա‎ֆայէլ արք. Մինասեանի եւ Քանաքեռի Առաջնորդարանին աշխատակազմ կղերական դասին սրտբաց եւ հիւրասէր ընդունելութեան, տնօրէնութիւնս սարքեց խրախճանքի երեկոյ մը: Երեկոյթին ներկայ էին Հայաստանի մօտ Լիբանանի հանրապետութեան դեսպան Ժան Մաաքարոն, Փարիզէն ժամանած Լը Մուլան Էրիք արքեպիսկոպոսը եւ այլ հիւրեր:
Երեկոն շատ հաճելի էր եւ մթնոլորտը ջերմ: Շնորհակալական խօսքերու եւ բարձրացուած կենացներու կողքին տեղի ունեցան զանազան լեզուներով երգերու կատարողութիւններ եւ Աստուածամօր անունը կրողներու ի պատիւ կարկանդակի հատում: Տիկ. Պոյաճեան այս առիթով նաեւ յուշանուէր մը փոխանցեց գերապայծառ Մինասեանին, որ սիրայօժար կերպով վարժարանիս թատերախումբը ընդունեց Առաջնորդարանին հովանիին ներքոյ եւ լիուլի հոգաց անոնց պէտքերը՝ կեցութեան ամբողջ ընթացքին:
***
Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսը ուրախ օր մը չէր մեր աշակերտներուն համար: Բաժանումը հեշտ չեղաւ երբեք: Հայրենական շունչով արդէն տոգորուած աշակերտներուն հոգիներուն մէջ աւելի եւս դրոշմուած էր հայրենիքի հանդէպ կառչածութիւնը եւ հայրենասիրութեան անգերազանցելի զգացումները: Անոնք յուզումնախառն զգացումներով բաժնուեցան Հայաստանէն եւ վերադարձան Լիբանան, իրենց հետ բերելով շատ գեղեցիկ յիշատակներ եւ տպաւորութիւններ հզօր հայրենիքէն, անոր սպիտակ բարձրագագաթ Արարատէն, խնկաբոյր եկեղեցիներէն ու վանքերէն, կապուտաչեայ Սեւանէն եւ հպարտութիւն առթող իւրաքանչիւր արձանէն եւ յուշակոթողէն:
Յարատեւ բարգաւաճում մեր հայրենիքին՝ «սիրոյ մատեան, միշտ հին ու նոր մեր Հայաստան»ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.