2013-08-29 12:30:08

Գրիգոր Գ Լահհամ Պատրիարքը Դատապարտեց Արեւմուտքի Զինեալ Միջամտութիւնը։


Մելքիթներու յոյն կաթողիկէ պատրիարք` Գրիգոր Գ. Լահհամ դատապարտեց արեւմուտքի զինեալ միջամտութիւնը, որակելով զայն որպէս ոճրային ներգործութիւն մը։

Իսկ Իրաքի գաղտէացիներու Պատրիարք` Սաքոյի գնահատումով Արեւմուտքի զինեալ միջամտութիւնը համահաւասար է հրաբուխի մը որուն զոհերը պիտի ըլլան Իրաքը, Լիբանանը եւ Պաղեստինը։Պատրիարքը կը յիշեցնէ թէ ժամանակին ԱՄՆը Իրաքի դէմ կատարած միջամտութիւնը արդարացուց Սատտամ Հիւսէյնի ունեցած մահաբեր զանքուածային զէնքերուն գոյութեամբ եւ այսօր նոյն սուտով է որ կ'առաջադրուի զինեալ միջամտութիւն կատարել Սուրիոյ դէմ։

Միւս կողմէ Անկլիգան եկեղեցւոյ երբեմնի գահերէցը Լորտ Ժորժ Գարէյ զգուշացուց Անգլիոյ ներկայ կառավարութիւնը զինեալ միջամտութիւն մը կատարելէ Սուրիոյ դէմ, որուն հետեւանքով - յայտնեց Գարէյ - բոլոր Միջին Արեւելքը կարող է բռնկիլ։Ան ապա խրախուսեց անգլիական խորհրդարանը խոհեմ գտնուելու շտապ դատում տալէ։
Իսկ Անկլիգան եկեղեցւոյ ներկայ գահերէց գերապայծառ Ուելպի վերապահութիւն յայտնեց ամերկացի եւ անգլիացի խարդախ մասնագէտներուն նկատմամբ որոնց խաբէութեան հետեւանքով արեւմուտքը մղուած էր պատերազմ կատարելու Իրաքի դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.