2013-08-28 11:28:44

Հայերը Կը Շարունակեն Թրքական Լրատուամիջոցներուն Մէջ Ատելութեան Արտայայտութեանց Գլխաւոր Թիրախը Մնալ


«Հրանդ Տինք» հիմնարկը անցեալ հինգշաբթի օր հրապարակած է «Լրատուամիջոցներու մէջ ատելութեան արտայայտութեան» մասին իր տարեկան զեկուցումը, որ ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն ամէնէն յաճախակի երեւոյթը ատելութեան արտայայտութիւններն են եւ յօդուածագիրները կը կազմեն յանցագործներուն մեծամասնութիւնը:
Զեկուցումը կը հաղորդէ, որ այս տարուան առաջին չորս ամսուան ընթացքին ատելութեան արտայայտութեանց ամէնէն յաճախակի թիրախները հայերը, հրեաներն ու քրիստոնեաներն են, եւ ատելութեան համեմատութիւնն ու սրութիւնն ալ այդ շարքով կ՛ընթանայ:
Թուրքիոյ յոյն եւ քիւրտ համայնքները խտրականութեան ենթարկուած երկու միւս խմբակներն են, սակայն անոնց դէմ եղող յօդուածներուն թիւը շատ աւելի քիչ են, քան առաջին երեքինը:
Այս ժամանակահատուածին ընթացքին նաեւ ատելութեան արտայայտութեանց դէմ գրութիւններու աճ արձանագրուած է, ինչպէս` քիւրտերու նկատմամբ ատելութեան արտայայտութեանց դէմ, Խոջալուի ջարդերուն ոգեկոչման, Փարիզի մէջ փետրուարին սպաննուած ՔԱԿ-ի անդամ երեք կիներու եւ Մալիի մէջ ֆրանսական զինուորական գործողութեան պարագաներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.