2013-08-28 11:15:09

Համա-ափրիկեան 7-րդ Գիտաժողովը Պենինի Մէջ։


26-31 օգոստոս Պենինի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Խարիզմադիկ Կաթողիկէ Վերանորոգումի'' Համա-ափրիկեան 7-րդ գիտաժողովը, որուն խորհրդածութեան նիւթն է. ''հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ''։
Ժողովականները բացի իրենց անձնական փորձառութիւններն ու ապրումները ներկայացնելէ իրենց խորհրդածութիւնները պիտի կեդրոնացնեն մասնաւորապէս հետեւեալ նիւթերու վրայ.
- ''խաղաղութիւն ու համակեցութիւն սիրոյ մէջ'' յատկապէս ափրիկեան ցամաքամասէն ներս։
- 28 օգոստոսին նիւթերն են` ''Ամենասուրբ հաղորդութիւնը որպէս հիմ միութեան հաշտութեան'' եւ ''Հասարակաց բարիքին լաւ մատակարարութիւնը ազդակ բարգաւաճումի, արդարութեան ու խաղաղութեան''։
- Հինգշաբթի 29 օգոստոսին ժողովականները պիտի խորհրդծեն ''ուսումնաժողովներու բերած սատարին` խաղաղութեան հաստատման զարգացումի ծիրէն ներս'' մինչ յետ միջօրէին պիտի կատարուին ''նոր աւետարանութեան արշաւներ'' խորագրով հանդիպումներ։
- Վերջընթեր օրուայ զրոյցը պիտի կեդրոնանայ ''Ընտանիքի եւ նոր սերունդի'' մասին որպէս ''յոյս արդարութեան եւ խաղաղութեան''։ Ի վերջոյ 31 օգոստոսին գիտաժողովը պիտի եզրափակուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.