Կարտինալ Թոռան Որպէս Քահանայապետական Նուիրակ Կը Մասնակցի ֆրանսայի Լիլ Թեմի Ստեղծման
Առաջին Դարադարձին։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին,
նշանակեց որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու ֆրանսայի Լիլ թեմի ստեղծման առաջին դարադարձի
տօնախմբութիւններուն որ տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ 26 եւ 27 հոկտեմբերին։ Թեմը ստեղծուած
է 25 հոկտեմբեր 1913-ին։ Ներկայիս ունի 116 ժողովրդապետութիւններ։ Թեմին Առաջնորդն է
արքեպիսկոպոս Լոռան Ուլրիշ։