2013-08-28 12:15:55

«էրեբունի»-ի Մէջ Հռոմի Ժառանգութեան 40 Պատկերներ Պիտի Ցուցադրուին


«Ժառանգութեան ժառանգները» խորագիրին տակ Օգոստոս 31-ին Հայաստանը պիտի միանայ Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն, իսկ անոր նախօրէին` Օգոստոս 30-ին, Երեւանի «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ պիտի բացուի լուսանկարներու ցուցահանդէս, որ պիտի ներկայացնէ Երեւանին տարեկից այլ քաղաքի մը` Հռոմի ժառանգութիւնն ու անկրկնելի գեղեցկութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Էրեբունի» արգելոց–թանգարանի մամուլի ծառայութենէն:
1991-էն սկսեալ ամբողջ Եւրոպայի մէջ իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը կը գնահատուի իբրեւ Եւրոպայի միլիոնաւոր քաղաքացիներու կողմէ սիրուած եւ սպասուած ձեռնարկներու շարք, որ թոյլ կու տայ ազգային ժառանգութիւնները դիտարկելու իբրեւ Եւրոպա մայր ցամաքի մէկ ընդհանուր հարստութիւն` կոտրելով մշակոյթներու եւ լեզուներու տարբերութիւններով սահմանուած անջրպետը: 1999-էն ի վեր օրերու մեկնարկը համատեղ կ’ազդարարեն Եւրոպայի խորհուրդն ու Եւրոպական յանձնաժողովը:
Քառասուն անկրկնելի պատկերներ այցելուին թոյլ պիտի տան տեսնելու Կոլիզէումը, Կայսերական պողոտան, Դրայանոսի եւ Հռոմէական ֆորումները, Պանթէոնը, Դրեւի շատրուանը, Վատիկանը, Գաբիդոլիումի բլուրը եւ յիշարժան ժառանգութեան այլ օրինակներ: Ցուցահանդէսը կը կրէ «Հռոմ. Իմ քաղաքի ժամանակակիցը» խորագիրը:
Երեւանցիներուն եւ հիւրերուն ծանօթացնելով Հռոմը` ցուցահանդէսի կազմակերպիչները կ’ակնկալեն խթանել երեւանցիներուն զգօնութիւնը դէպի հարազատ քաղաքի բնօրրանի` Էրեբունի ամրոցի միջնաբերդի պահպանութիւնը: Ցուցադրութիւնը պիտի աւարտի այցելուին ուղղուած կոչով` «Սիրենք եւ միասին պահպանենք Էրեբունի»-ն:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են դիւանագէտ, մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Կարինէ Դանիէլեանի լուսանկարները` առնուած Իտալիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան տարիներուն: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ 2013 Օգոստոս 30-ին, ժամը 13:00-ին: Անիկա պիտի գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 30:







All the contents on this site are copyrighted ©.