2013-08-27 10:53:19

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմի Ասդալլի Կոչուած Փախստականներու Կեդրոնը Պիտի Այցելէ։


Յառաջիկայ 10 սեպտեմբերի յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Ասդալլի կոչուած փախստականներու մէկ կեդրոնը, որ կը գտնուի Հռոմի կեդրոնական շրջանին մէջ եւ կը պատկանի Յիսուսեան հայրերուն։ Վատիկանի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնած է թէ Քահանայապետին այս այցելութիւնը լոկ առանձնական դրոշմ մը պիտի ունենայ։
Յայտնենք թէ Ասդալիի Կեդրոնը հիմնուած է 1981-ին, ունի դարմանատուն մը, իտալերէնի դասընթացքի դպրոց , ընկերային սպասարկութիւն եւ օգնութիւններ կը բաշխէ կարիքաւորներուն։
Նշենք թէ անցեալ 8 յուլիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուած էր Իտալիոյ Լամբետուզա կղզիին հանդիպելու համար այնտեղ գտնուող փախստականներուն եւ կղզիի բնակիչներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը պատարագի աւարտին Աստուածամօր նուիրուած արտասանած աղօթքին մէջ ըսած էր ''Եղբայրօգնութեան օրինակ, օրհնէ' բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները, որոնք կը հիւրընկալեն ու ձեռք կ'երկարեն իրենց դիմողներուն։ Թո'ղ անոնց ստացած ու տուած սէրը դառնայ սերմ եղբայրական նոր կապերու ու արեգակ` խաղաղութեան նոր աշխարհի մը։ Ամէն''








All the contents on this site are copyrighted ©.