2013-08-27 11:35:55

Սուրիոյ Գաղտիացիներու Առաջնորդի գնահատումով Արեւմուտքի Զինեալ Միջամտութիւնը Կրնայ Պատճառ Դառնալ Համաշխարհային Պատերազմի Մը։


Գերապայծառ Օտօ կը մեղադրէ Արեւմուտքի անխոհեմութիւնը։

Գաղտիացիներու Հալէպի առաջնորդ` գերապայծառ Անթուան Օտօ, 26 օգոստոսին, զգուշացուց միջազգային հասարակութիւնը զինեալ միջամտութիւն կատարելէ Սուրիոյ դէմ։
Նման արկածախնդրութիւն մը կարող է պատճառ դառնալ համաշխարհային պատերազմի - ըսած է Ան Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած ելոյթի ընթացքին ու շեշտած` ''Մեր յոյսն է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը սատարէ ճշմարիտ երկխօսութեան հաստատումին ընդհարումի տարբեր կողմերու միջեւ, լուծումի մը յանգելու համար եւ կարելիութիւն տալու մարդոց ճամբորդելու, իրարու հետ հաղորդելու ու երկխօսելու։ Մենք պէտք ունինք միջազգային ոյժի մը երկխօսութիւն հաստատելու եւ ոչ թէ պատերազմի մղելու։''
Յայտնենք որ Վատիկանի Օսսերվադորէ Ռոմանօ օրաթերթը 26-27 օգոստոսի առաջին էջին վրայ դատապարտեց արեւմտեան երկիրներու խոհեմութեան պակասը հայող զինեալ միջամտութեանՍուրիոյ դէմ, խնդրելով որ զէնքերը դադրին հնչելէ եւ Արեւմուտքը աւելի զգայուն դառնայ ողբերգրական այս կացութեան նկատմամբ։
Սկիզբէն ի վեր Ս. Աթոռը յաճախ միջամտութիւն կատարած է Սուրիոյ ընդհարումը լուծելու` երկխօսութեան միջոցաւ։ Այդ ուղղութեամբ Ժընեւի ՄԱԿի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտը` գերապայծառ Թոմազի մեղադրած է Արեւմուտքի կարճատես քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ յիշեցնելով Վատիկանի դիրքը Իրաքի, Սուրիոյ ու Եգիպտոսի նկատմամբ։ Նոյնպէս Լիբանանի մարոնի պատրիարք Ռային իր մտահոգութիւնը յայտնած է Արեւմտեան պետութիւններու քաղաքականութեան մասին Միջին Արեւելքին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.