2013-08-27 11:00:01

Ռայի Պատրիարքը Եւ Շէյխ Նայիմ Հասան Ուղղուեցան Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Կեդրոն


Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումին զոհերուն համար ցաւակցութիւն ներկայացնելու նպատակով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ուղղուեցան շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեցին շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի:
Շիի, տիւրզի եւ մարոնի համայնքներու հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին ազգային միասնականութեան ամրապնդումին եւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել Լիբանանը հարուածող սադրանքներուն:
Հոգեւոր պետերը զգուշացուցին բոլորը Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր պայմաններէն եւ կոչ ուղղեցին քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն վերադառնալու ազգային երկխօսութեան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ եթէ երկրին քաղաքական ղեկավարները համաձայնութիւն եւ փոխըմբռնում գոյացնէին եւ լիբանանցիները աւելի միասնական ըլլային, ապա Հարաւային արուարձաններն ու Թրիփոլին պայթումի թիրախ չէին դառնար:
Ան կոչ ուղղեց միասնականութեան եւ ազգային երկխօսութեան, որովհետեւ բոլորը սուղ կը վճարեն բաժանումի գինը:
Իր կարգին, շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը եւ համախմբուելու պետական հաստատութիւններուն շուրջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.