2013-08-27 11:22:36

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Նորակերտ Դպրեվանքի Հիմնարկութեան 50 Ամեակ Եւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Ծննդեան Տօն։


Յառաջիկայ 8 Սեպտեմբեր 2013-ին, որ կը զուգադիպի Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորակերտ դպրեվանքը նշելով իր հիմնարկութեան 50-ամեակը, տօնական հանդիսութիւններ կազմակերպած է որոնցմէ առաջինը՝ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մըն է որ պիտի ներկայացուի դպրեվանքի շրջափակէն ներս:

Զմմառու վանքը անուանակոչուած ըլլալով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման, Աստուածածնայ նուիրուած տարուան բոլոր տօներուն առթիւ Ս. Պատարագ կը մատուցուի.








All the contents on this site are copyrighted ©.