2013-08-27 10:59:53

Եգիպտոս Ազհարի Շէյխին Դէմ Էրտողանի Արտայայտութիւնը Համայն Իսլամներուն Ուղղուած Կը Նկատէ


Եգիպտոս բուռն կերպով դատապարտեց իսլամական աշխարհի մեծագոյն հեղինակութիւններէն Ազհարի շէյխ Ահմետ Թիպի հասցէին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջերս կատարած արտայայտութիւնը` նշելով, որ անիկա ոչ միայն Եգիպտոսի հասցէին ուղղուած անարգանք մըն է, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի իսլամներուն եւ ամէն չափ ու սահման անցնող դատապարտելի ու մերժելի արարք մըն էր:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտնած էր, որ պատմութիւնը պիտի անիծէ Ազհարի շէյխը` Եգիպտոսի մէջ «զինուորական յեղաշրջումին» կողքին կանգնելուն համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.