2013-08-26 11:39:59

Մենք Արեւմուտքի Խամաճիկի Չենք Վերածուիր, Սուրիան Անկախ Պետութիւն է եւ Պիտի Պայքարի Ահաբեկչութեան Դէմ. Պաշշար Ալ Ասատ


Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու շարունակուելու պատճառը անընդհատ արտերկրէն Սուրիոյ տարածք ներխուժող ահաբեկիչներն են, յայտարարած է երկրի նախագահ Պաշշար ալ Ասատ` ռուսական «Իզուեստիա» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
Պաշշար ալ Ասատ յայտնած է, որ իրենց գործունէութիւնը ուղղուած է ահաբեկչութեան դէմ եւ երկիրը շատ թանկ կը վճարէ Սուրիոյ մէջ բոլոր ահաբեկիչները ոչնչացնելու համար։
Ասատի խօսքով, եթէ ԱՄՆ-ն որոշէ հարուածել Սուրիան կամ ներխուժել երկիր, ան «կը ձախողի, ինչպէս Ամերիկայի կողմէ սանձազերծուած նախորդ պատերազմներուն»:
Ասատ հերքած է պնդումները կառավարական զօրքերու կողմէ ապստամբներու նկատմամբ քիմիական զէնք կիրառելու մասին` պնդելով հակառակը, որ թունաւոր կազերով հրթիռը արձակած են ապստամբները: «Նման յայտարարութիւնները բացառապէս քաղաքական են, որոնց համար շարժառիթ եղած է ահաբեկիչներուն դէմ կառավարական ուժերու շարք մը յաղթանակներ», ըսած է Ասատ՝ աոելցնելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները թոյլատրած են, որ ՄԱԿ-ի տեսուչները այցելեն քիմիական յարձակման վայրը:
Ասատ նշած է նաեւ, որ եթէ միջազգային հանրութիւնը իրմէ յայտարարութիւն կը սպասէ, ապա միայն մէկ բան ունի ըսելու. «Եթէ ոեւէ մէկը կ’երազէ Սուրիան վերածել Արեւմուտքի խամաճիկի, ապա այդ մէկը չի կատարուիր: Մենք անկախ պետութիւն ենք եւ պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ»:
Ասատ յայտնած է, որ ուրախ կ’ըլլար այցելելու Ռուսաստան կամ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրել Դամասկոս, երբ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ իրադրութիւնը նորմալանայ:
Պաշար Ասատի կարծիքով արեւմտեան երկիրներու ղեկավարութիւնը ռազմական գործողութիւն չի կիրառեր Սուրիոյ մէջ: “Ռազմական ներխուժման համար խոչընդոտը”, Սուրիոյ պետութեան ղեկավարի կարծիքով, մասնաւորապէս, «բոլորի կողմէ այն ըմբռնումն Է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը ժողովրդական յեղափոխութիւն չէ եւ բարեփոխումներու պահանջ չէ: Անիկա ահաբեկչութիւն Է”:
Ասատի խօսքով այն պետութիւններ, որոնք Սուրիոյ մէջ բացայայտօրէն պաշշտանած են ահաբեկիչներու գործողութիւններըն Քաթարն ու Թուրքիան են”:







All the contents on this site are copyrighted ©.