2013-08-26 11:48:11

Կարտինալ Թոռան Կը Յուսայ՝ Վերահաստատել Կապերը Ալ Ազհարի Հետ, Հակառակ Եգիպտոսի Ներկայ Ողբերգրական Իրավիճակին։


Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, խօսք առնելով Իտալիոյ Ռիմինի ''ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' գիտաժողովին, յայտնեց որ Ս. Աթոռը պատասխանատու չէ Վատիկանի ու ալ Ազհար համալսարանի միջեւ գոյատեւող լարուածութեան։ Կարտինալը յոյս յայտնեց վերահաստատել կապերը սիւննիներու գլխաւոր հաստատութեան հետ՝ հակառակ Եգիպտոսի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակին։ 2011-ին սկիզբը, ալ Ազհար իր կապերը խզեց Վատիկանի հետ, որպէս հակազդեցութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Եգիպտոսի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան, յետ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած արիւնալի մահափորձին։
Կարտինալը նաեւ մատնանշեց որ այս տարի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անձամբ ստորագրեց աւանդական պատգամը՝ ուղղուած իսլամ աշխարհի Րամատանի աւարտին։ Այս բացառիկ ժէստը լաւ ընդունելութիւն գտաւ։ Յոյսով եմ - ըսաւ կարտինալը - հակառակ Եգիպտոսի բարդ կացութեան , պիտի կարողանանք վերահաստատել յարաբերութիւնները որովհետեւ ''քրիստոնեաներն ու մահմետականները դատապարտուած են երկխօսութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.