Թեհրան Ուաշինկթընը Կը Զգուշացնէ «Կարմիր Գիծը» Շրջանցելէ
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրան երէկ Միացեալ Նահանգները
զգուշացուցած է Սուրիոյ հարցով կարմիր գիծը շրջանցելէ` աւելցնելով, որ այդ մէկը «ծանր
հետեւանքներ» պիտի ունենայ: Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ Մասուտ Ժազայիրի
յայտնած է, որ «Ամերիկա սուրիական ճակատի «կարմիր գիծ»-ը գիտէ, եւ սուրիական «կարմիր
գիծ»-ի որեւէ շրջանցում Սպիտակ տան համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»: