Լիբանանի Թրիփոլի Քաղաքին Մէջ Երկու Պայթում Բազմաթիւ Զոհեր եւ Վիրաւորներ Պատճառած է
Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ Օգոստոսս 23-ի տեղական ժամով 13:45-ին տեղի ունեցած են
երկու պայթում, առաջինը տեղի ունեցած է Թաքուա մզկիթին առջեւ` Ուրբաթ օրուան նամազէն
ետք‚ իսկ երկրորդը Սալամ մզկիթին առջեւ, պայթենուած են ականուած երկու մեքենաներ։ Այս
մասին կը հաղորդէ BBC-ն։ Վերջին տուեալներով պայթումներու հետեւանքով մահացած է 42
եւ վիրաւորուած է 358 մարդ։ Աղբիւրին համաձայն քաղաքի երկինքը պատուած է սեւ ծուխով Լիբանանի
“Ազդակ” օրաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններով տեղի ունեցած ականահարումներուն պատճառով՝
հայ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան։