2013-08-23 12:45:14

Ս. Աթոռը Հակառակ է Սուրիոյ մէջ Միջազգային Ոյժերու Միջամտութեան


Մինչ միջազգային մամուլը անգամ մը եւս կը խօսի՝ Սուրիոյ բանակին կողմէ կարծեցեալ քիմիական զէնքերու գործածութեան, Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի, Ս. Աթոռի մնայուն դէտը` ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մօտ, անգամ մը եւս վերահաստատեց Վատիկանի հակառակութիւնը միջազգային ոյժերու միջամտութեան։ Դիւանագէտը, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով, կոչ ըրաւ խոհեմութեան ՝ հայող այն լուրերուն որ կը վերագրեն Սուրիոյ բանակին քիմէական զէնքի գործածութիւնը։ Ան իր կոչին մէջ ընդգծեց առանց նախապայմանի բանակցութեան, ժամանակաւոր կառավարութեան մը ստեղծում , սահմանելով որ բռնութիւնը ոչ մէկ լուծում կը բերէ։ Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ Միջին Արեւելքի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի փորձառութիւնները ոչ մէկ դրական արդիւնք տուած են եւ հետեւաբար վաւեր է այն սկզբունքը` ''պատերազմով ամէն բան կը կորսնցնենք''։ Հարկաւոր է դադրեցնել զէնքի ուղարկումը երկու կողմերու, քանի զէնքով կարելի չէ ստեղծել նպաստաւոր պայմաններ խաղաղութեան ։







All the contents on this site are copyrighted ©.