2013-08-23 10:51:42

Հաւատքը եւ Յաւիտենական Կեանքը


Սուրբ Առաքեալները, ուզած են որ Հանգանակը, մեր հաւատքին այս համառօտութիւնը վերջանայ Յաւիտենական Կեանքի հաւատալիքով:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը յայտարարէ. «Ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը, ու յաւիտեան պիտի չկորսուին, եւ ոչ մէկը կրնայ յափշտակէ զանոնք իմ ձեռքէս: Իմ Հայրս, որ ինծի տուաւ զանոնք, բոլորէն մեծ է, եւ ոչ մէկը կրնայ յափշտակել իմ Հօրս ձեռքէն» (Յովհ. 10.28-29):
Քրիստոս ե՞րբ մեզի պարգեւեց յաւիտենական կեանքը: Քրիստոս մեզի Յարութեան օրը պարգեւեց Յաւետենական կեանքը: Քրիստոսի յարութեամբ մարդը վերստին կեանք ունեցաւ, յաւիտենական կեանք: Հայ եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած հետեւեալ բառերը այնքան բնորոշիչ են. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց. եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեա՛նս պարգեւեաց»: Հո՛ս է մեծ խորհուրդը, խորունկ իմաստը ու յաւերժական պատգամը Քրիստոսի յարութեան:
Ուստի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը ոչ միայն Քրիստոնէական Կրօնին հիմնաքարն է. Քրիստոսի յարութիւնը հաւաստիքն է յաւիտենական կեանքի: Քրիստոնեայ եկեղեցին Քրիստոսի յարութեամբ կը շեփորէ անմեռ եւ անմար կեանքի յոյսը: Ան կու գայ վկայելու թէ կեանքը սոսկ աստենական չէ, այլ նաեւ անդենական է: Ան կու գայ յայտարարելու թէ Քրիստոս իր յարութեամբ մահը խափանեց եւ մարդոց յաւիտենական կեանք պարգեւեց: Յարուցեալ Քրիստոս իրեն հաւատացողներուն յաւիտենական կեանք կը շնորհէ: Կեանքը Քրիստոսի կառքին կապող քրիստոնեային համար՝ մահը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ երկրէն երկինք փոխադրութիւն մը, երթ մը՝ դէպի յաւիտենական տուն:
Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն կ'ըսէ, որ հաւատացեալները կնքուած են ազատագրութեան օրուան համար: Եթէ հաւատացեալներուն յաւիտենական կեանքը ապահովուած չըլլար, կնիքը չէր կրնար,ազատագրութեան օրուան համար ըլլալ, այլ միայն մինչեւ մեղանչումի, ուրացումի եւ անհաւատութեան օրը:
Նոյնպէս Յովհաննէս առաքեալ կ՛ըսէ թէ. «ով որ հաւատայ Յիսուս Քրիստոսի, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ»: Քրիստոսին հաւատալ ուրեմն, նախադուռն է յաւիտենական կեանքին: Պօղոս Առաքեալ կ՛ուսուցանէ մեզի, թէ «Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, իբրեւ առաջին պտուղը ննջեցեալներու… եւ Քրիստոսի պատկանողները Իր գալստեան ժամանակ պիտի կենդանանան» (Ա. Կորն.15.20-24): Քրիստոսի խօսքը լսողներ եւ Քրիստոսի Խօսքին հաւատք ընծայելով Աստուծոյ հաւատացողներ եւ վստահողներ պիտի չամչնան, ամօթով պիտի չմնան այդ օրը: Աստուած մարդոց մեծագոյն բարիքը ըրաւ Իր Խօսքին մարմին տալով եւ աշխարհ ղրկելով: Մարդիկ ալ իրենց համար մեծագոյն բարիքը ըրած կ՛ըլլան, երբ Քրիստոսը իբրեւ Փրկիչ ընդունին, եւ Անոր պատգամները կեանքի վերածելու ջանան եւ Աստուծոյ օգնութեամբ պտղաբեր կեանքի մը տիրանան:
Յաւիտենական կեանքի ապահով ըլլալու օգտին ամենէն զօրաւոր փաստարկը կը կարդանք Հռոմէացիներուն նամակին մէջ. «Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած պիտի կարենայ բաժնել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով է»: (Հռոմ. 8.38-39) Արդարեւ, Յաւիտենական կեանքի ապահովութիւնը կը յիմնուի Աստուծոյ սիրոյն վրայ անոնց հանդէպ, որոնց փրկած է: Անիկայ ծրագրուած է Քրիստոսի կողմէ, խոստացուած` Հօր կողմէ եւ կնքուած` Սուրբ Հոգւոյն կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.