2013-08-23 13:03:52

Լիբանանէն Հրթիռներ Կ՛արձակուին Հիւսիսային Իսրայէլի Վրայ


ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 22ին, հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ առնուազն չորս հրթիռներ արձակուած են հարաւային Լիբանանէն. անոնցմէ մէկը իսրայէլեան «պողպատեայ գմբէթ» համակարգին կողմէ վար առնուած է, իսկ միւսները նիւթական վնասներ պատճառած են: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ հրթիռները արձակուած են Սուր քաղաքի «Ռաշիտիյէ» գաղթակայանին մօտէն:
Իսրայէլեան բանակը Հայֆայի վերեւը օդային տարածքի փակումը յայտարարեց եւ կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն, որ ապաստարաններու մօտ մնան:
Աւելի ուշ, իր տեղեկութիւնները բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ քաղելով՝ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10րդ կայանը հաղորդեց, որ նախնական տուեալներով, հրթիռարձակումին պատասխանատուն «Հըզպալլա»ն չէ, այլ՝ «Քայիտա»ի առնչակից խմբաւորումներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.