2013-08-23 11:04:50

«Եթէ Քիմիական Զէնքի Օգտագործումը Հաստատուի, Սուրիական Վարչակարգին Դէմ Պէտք Է Ուժ Կիրարկել» Կ՛ըսէ Ֆապիւս


Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Պէ.Էֆ.Էմ. Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը հաստատուի, ապա պէտք է ուժի կիրարկումով հակադարձել: Ան բացառեց Սուրիա ուժեր ուղարկելու ընտրանքը:
Ֆապիւս ըսաւ, որ եթէ քիմիական զէնքի կիրարկումին վարկածը «հաստատուի», ապա «հակադարձութիւնը միայն միջազգային դատապարտումով պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ուժի կիրարկումով»:
Ան նշեց, որ ամերիկացիներուն, բրիտանացիներուն եւ ֆրանսացիներուն կողմէ հակադարձութեան կարելիութիւններ կան, սակայն գետնի վրայ ուժեր ուղարկելը «բացառուած է»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ շուրջ միացեալ կեցուածք պէտք է որդեգրէ` նշելով, որ սուրիական կառավարութիւնը շատոնց «կարմիր գիծերը» շրջանցեց:
Թուրքիոյ մէջ իրանեան դեսպանատունը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Տաւութօղլուի հետ եւ յայտնած, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը անընդունելի է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ ատիկա օգտագործուած է, ապա ատոր համար սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է ամբաստանուի եւ ոչ թէ վարչակարգը:
Չորեքշաբթի տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Տաւութօղլու իր պաշտօնակիցէն խնդրած է, որ ճնշում բանեցնէ սուրիական վարչակարգին վրայ, որպէսզի վերջինս ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբին արտօնէ դէպքին վայրը քննել:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը սուրիական կառավարութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցը յստակացնելն է:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման տարաձայնութեանց նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց անոնց շուրջ առարկայական հետաքննութիւն կատարելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.