2013-08-23 11:16:14

«Անգարա Մուրսիի Հետ «Գաղտնի Դիւանագիտութիւն» Կը Վարէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Քանալ24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը 30 յունիսին Եգիպտոսի իրավիճակի ապակայունացումէն առաջ բանակցութիւններ վարած է Մոհամետ Մուրսիի հետ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ ըստ Տաւութօղլուի, իրադարձութիւններէն տասը օր առաջ վարչապետին յանձնարարականով Գահիրէ ժամանած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, որ հանդիպում ունեցած է Մուրսիի եւ ուժային կառոյցներու լիազօրուած անձերու հետ:
Տաւութօղլու ըսած է, որ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան կատարած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրահանգը, որովհետեւ Անգարան այդ շրջանին Եգիպտոսի մէջ ծաւալած իրադարձութիւնները «ծայրայեղ ծանր» կը նկատէր:
«Ատկէ ետք այնտեղ ժամանեց ՄԻԹ-ի ղեկավարը` արտակարգ իրավիճակ չհաստատելու ցանկութեան մասին յայտնելու համար, որովհետեւ կը տեսնէին իրավիճակի ծայրայեղ ծանր ըլլալը: Ապա կատարեցինք Եգիպտոսի մէջ անվտանգութեան մակարդակի գնահատում», ըսած է Տաւութօղլու:
Նախարարը նշած է, որ «նման դիւանագիտութիւն» Մուրսիի հետ կը տարուի մինչեւ օրս: «Ես առաջին անգամ այդ մասին կը յայտնեմ, եւ ատիկա վնաս կը հասցնէ մեր աշխատանքին: Մենք չենք կրնար աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն վարել` բանակցութիւններ վարելով ժամանակաւոր իշխանութիւններու հետ, սակայն չհանդիպելով Մուրսիի հետ: Ատիկա արդէն ոչ թէ աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն է, այլ` զինուորական յեղաշրջման օրինականութեան ճանաչում», նշած է նախարարը` աւելցնելով, որ գաղտնի դիւանագիտութեան վարումը անհրաժեշտութիւն է:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի ազատ արձակման` ան յայտարարած է. «Քանի տակաւին Մուրսին արգելափակուած է, Հիւսնի Մուպարաքի ազատ արձակուիլը պիտի փոխէ իրադարձութիւններու ընթացքը: Թուրքիան չի կրնար բանակցութիւններ վարել ներկայ վարչակազմին հետ, այնքան ատեն որ իրեն չեն լիազօրած հանդիպումներ ունենալ Մուրսիի հետ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.