2013-08-22 11:52:35

Նիճերիոյ Քրիստոնեաներու ու Իսլամներու Կոչը՝ Եկեղեցիներու ու Մզկիթներու Վերաշինութեան


Նիճերիոյ Բլադօ նահանգի արքեպիսկոպոս՝ Քայկանան եւ Իսլամներու պետը ՝ Իմամ Տաուտը, միասնաբար կոչ ուղղած են Քրիստոնեայ եւ Իսլամ երկու հասարակութիւններուն, վերադառնալ երբեմնի երկու համայնքներու խաղաղ համակեցութեան ու համերաշխութեան ։ Երկու կրօնապետերը ՝ աջակցութեամբ երկու հասարակութիւններու երիտասարդներուն, նախաձեռնած են սկսիլ վերաշինութեան գործերը՝ կործանուած մզկիթներու ու եկեղեցիներու, ու կազմել երկխօսութեան ու հաշտութեան միացեալ խորհուրդ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.