2013-08-22 11:29:30

Կարտինալ Սանտրիի Կոչը Հաշտութեան ու Համերաշխութեան Համար


Եգիպտոսի Մէջ Համակեցութիւնը Միակ Ճամբան Է Խաղաղութեան։

Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը` կարտինալ Սանտրի իւրացնելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին աղօթքը ՝ քաղաքացիական ընդհարումի զոհերուն համար եւ որուն հետեւանքով բազմաթիւ այրեր ու կիներ կը շարունակեն տառապիլ, կոչ ուղղած է Եգիպտոսի ժողովուրդին ընդգծելով որ համակեցութիւնը միակ ճանապարհն է քաղաքացիական խաղաղութեան ու վերաշինութեան։ Կարտինալը խօսքը ուղղելով երկրի կաթողիկէ համայնքներուն Տիրոջմէ կը հայցէ որ օգնութեան հասնի այդ փոքր հօտին, Արքայութեան մէջ ընդունի անմեղ զոհերը, սփոփէ վշտահարները։
Կարտինալը կը հրաւիրէ հաւատացեալները վառ պահելու յոյսը, որպէսզի Եգիպտոսը փորձէ գտնել բեղուն ու օգտաւէտ գարուն մը մարդկութեան , ազատութեան ու կրօնասիրութեան համար , ապրելով արդարութեան ու զօրակցութեան մէջ՝ շնորհիւ իր բոլոր անդամներու սատարին։
Հուսկ արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը կոչը ուղղելով միջազգային հասարակութեան, կը հրաւիրէ զանոնք օգնութեան հասնիլ երկրի բոլոր բնակիչներուն եւ գտնել խաղաղ համակեցութեան ճանապարհ մը ։









All the contents on this site are copyrighted ©.