2013-08-21 10:42:13

Ձերբակալուած է Եգիպտոսի «Իսլամ Եղբայրներ»ու Հոգեւոր Առաջնորդը


Եգիպտոսի բանակին զօրակցութիւնը վայելող ժամանակաւոր իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Օգոստոս 20-ին ձերբակալեցին «Իսլամ եղբայրներ»ու 70-ամեայ հոգեւոր առաջնորդ Մուհամմատ Պատիհը, որուն 38-ամեայ զաւակը անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ցոյցերէն մէկուն ընթացքին սպաննուած էր ապահովական ուժերուն կողմէ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»-ը։
Ձերբակալութիւնը խստօրէն դատապարտած «Իսլամ եղբայրներ»ը յայտարարեցին, թէ կարելի չէ «ժողովուրդի իրաւունքներէն զիջում կատարել»՝ աւելցնելով, թէ Պատիհի տեղակալը՝ Մահմուտ Իզզեթ, պիտի ստանձնէ շարժումի հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը:
Միւս կողմէ, դատարան մը կը քննէ նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաքը ազատ արձակելու դիմումը, նկատի ունենալով, որ անոր դատավարութեան ընթացքին զայն բանտարկուած պահելու համար իրաւական հիմք մը գոյութիւն չունի:
Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը «կանխահաս նախագահական ընտրութիւններ կատարելու 30 միլիոն եգիպտացիներու կամքին արտայայտութիւնն է»՝ քննադատելով այն երկիրները, որոնք կը դատապարտեն նախկին նախագահ Մուհամմատ Մուրսին պաշտօնազրկելու քայլը:
«30 միլիոն եգիպտացիի ըմբոստութիւնը բացարձակապէս կարելի չէ զինուորական յեղաշրջում նկատել, որովհետեւ զինուորական յեղաշրջումները խաւարի մէջ տեղի կ՛ունենան», աւելցուց ան ու ցաւ յայտնեց մզկիթներու եւ եկեղեցիներու հրկիզման համար:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շարունակեց դատապարտել Եգիպտոսի ներկայ իշխանութիւնները՝ զանոնք «մենատիրական» որակելով: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի «զինուորական յեղաշրջումին ետին կանգնած է Իսրայէլը»՝ աւելցնելով, թէ իր տրամադրութեան տակ փաստեր ունի այդ մասին:







All the contents on this site are copyrighted ©.