2013-08-21 10:34:42

Հռոմ Քաղաքին Նուիրուած Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ


Այս տարի արդէն 10-րդ անգամ ըլլալով Հայաստան կը միանայ Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն` հաստատելով իր անդամակցութիւնը եւրոպական մշակութային ընտանիքին:
1991 թուականէն Եւրոպայով մէկ իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը կը գնահատուի իբրեւ Եւրոպայի միլիոնաւոր քաղաքացիներու կողմէ սիրուած եւ սպասուած ձեռնարկներու շարք, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ազգային ժառանգութիւնները դիտարկելու իբրեւ Եւրոպա մայր ցամաքի մէկ ընդհանուր հարստութիւն` կոտրելով մշակոյթներու եւ լեզուներու տարբերութիւններով պայմանաւորուած անջրպետը: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը։
1999 թուականէն Օրերու մեկնարկը համատեղ կ’ազդարարեն Եւրոպայի խորհուրդն ու Եւրոպական յանձնաժողովը:
«էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանէն յայտնած են, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն ընդառաջ, այս Օգոստոսի 30-ին քաղաքամայր Երեւանի համար ամէնէն խորհրդանշական վայրի մէջ` «էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի մէջ կը բացուի լուսանկարներու ցուցահանդէս` ներկայացնելով Երեւանի հիմնադրմանը ժամանակակից մէկ այլ քաղաքի` յաւէրժական քաղաք Հռոմի ժառանգութիւնն ու անկրկնելի գեղեցկութիւնը:
Ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Հռոմ. Իմ քաղաքի ժամանակակիցը» խորագիրը, կը ներկայացնէ դիւանագէտ, մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Կարինէ Դանիէլեանի լուսանկարները` կատարուած Իտալիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան տարիներուն:
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ 2013-ի Օգոստոս 30-ին, ժամը 13:00-ին եւ պիտի շարունակէ գործել մինչեւ Հոկտեմբեր 30:







All the contents on this site are copyrighted ©.