2013-08-21 11:53:24

Կարտինալ Ուելէյի Գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եկեղեցւոյ Համար ''Օրհնութիւն'' Մըն է։


Գանատացի ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին խօսելով ներկայ քահանայապետին ու Ս. Աթոռի վարչութեան տարած բարենորոգումի մասին, հաստատած է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եկեղեցւոյ համար օրհնութիւն մըն է։ Մոռնալու չենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հրաժարումը հանդիսացաւ մեծագոյն բարեկարգումը։ Հրաժարումը տեղի ունեցաւ ամենայն ազատութեամբ եւ առանց որեւէ կաշկանդումի։ Ան հիւանդ չէր սակայն կը զգար որ իր ոյժերը իրեն չէին ներեր եւ այդ պատճառաւ վճռեց ուրիշին հաղորդել Եկեղեցւոյ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը։ Ան քաջութիւնը եւ խոնհարութիւնը ունեցաւ այդ արտակարգ որոշումը առնելու։
Խօսելով Ս. Աթոռի կառավարութեան բարեկարգումի մասին կարտինալ Ուելէ յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նշանակած է խորհրդատու 8 կարտինալներ բարենորոգումի թղթածրար մը պատրաստելու։ Կ'ակնկալուի յոյժ կարեւոր բարեփոխում։
Խօսելով ներկայ Քահանայապետի անձնականութեան մասին, որ շաբաթը անգամ մը իրեն կը հանդիպիմ, իմ պաշտօնի բերումով, կարտինալ Ուելէ ըսաւ. ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եկեղեցւոյ համար օրհնութիւն մըն է։ Պենետիկտոս ԺԶ Մեծ աստուածաբան Հայրապետէ մը ետք, որ վերապահ ոճ մը ունէր, Եկեղեցին պէտքը ունէր Հովիւի մը, շատ մօտ իր ժողովուրդին։ Ան շփումի ու խօսքի արտակարգ յատկութիւն ունի։ Ան ներշնչուած մարդ մըն է, յիսուսեան կրօնաւոր մը որ միաբանութեան հիմնադիր սուրբ Ինքնատիոս տէ Լոյոլայի նման հոգեւոր զատորոշումներ կ'առնէ, այսինքն ճանչնալ Աստուծոյ կամքը ու կատարել զայն։







All the contents on this site are copyrighted ©.