2013-08-20 14:14:04

”Արծուաբերդ” Օփերայի Արցախեան Առաջին Ներկայացումը Տեղի Պիտի Ունենայ Սեպտեմբեր 1-ին


ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանիի ներքոյ Սեպտեմբեր 1-ին Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Անդրէյ Բաբաեւի “Արծուաբերդ” օփերայի արցախեան առաջին ցուցադրութիւնը` նուիրուած Արցախի Անկախութեան օրուան: Այս մասին կտը յայտնէ yerkir.am-ը։
“Արծուաբերդ” գործողութիւնը Անդրէյ Բաբաեւը գրած է 1957 թուականին: Ան առաջին անգամ բեմադրուած է Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս` 1957-ի Նոյեմբեր 3-ին:
“Արծուաբերդ”-ը քնարական-տրամատիկական օփերա է, երիտասարդ երաժշտահանի ակնառու նուաճումներէ մէկը: Զարգացնելով հայկական օփերային արուեստի դասական աւանդոյթները` հեղինակը ստեղծած է նուրբ քնարականութեամբ եւ խոր յուզականութեամբ յագեցած ազգային ինքնատիպ երաժշտութիւն: Օփերայի ստեղծման ու բեմադրութեան հարցով շատ կարեւոր դեր ունեցած է հայկական օփերային արուեստի մեծ վարպետ, խմբավար Միքայէլ Թաւրիզեան: Առաջին ներկայացման շմբավարը` երիտասարդ, տաղանդաւոր երաժիշտ Եուրի Դաւթեան, աշխատելով Թաւրիզեանի անմիջական ղեկավարութեամբ, կարողացած է վերհանել օփերայի գեղարուեստական արժանիքները:
“Արծուաբերդ”-ը` իր ազգային ոգիով ու հարուստ մեղեդայնութեամբ, հայկական օփերային արուեստի զարգացման նշանակալից փուլ դարձած է եւ տարիներ շարունակ մնացած Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմիական թատրոնի խաղացանկի մէջ, բեմադրուած նաեւ Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.