2013-08-20 11:35:30

''Հաւատոյ Տարուայ'' Առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրատարակած Շրջաբերական Թուղթէն Հատուածներ։


''Հաւատքի Լոյսը'' ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ ստորագրուած առաջին շրջաբերական թուղթն է։ Ստորաբաժանուած է չորս գլուխներու , առաւել ներածական մը ու եզրակացութիւն մը։
Վերոյիշեալ շրջաբերական թուղթը, ներշնչուած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի հաւատոյ տարուայ առթիւ սկսած շրջբերական թուղթի շարադրութենէն, ինչպէս կը բացայայտէ նոյնինքն ֆրանչիսկոս Պապը, եւ շարունակութիւնն է Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Սիրոյ'' ու ''Յոյսի'' մասին գրած արժէքաւոր շրջաբերական թուղթերուն։

Այսօր կ՛անդրադառնանք` ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽԻՆ

ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽ (8-22) ''Մենք հաւատացինք, մենք ճանչցանք սէրը, զոր Աստուած ունի մեզի համար։ Աստուած սէր է''։ (1Յովհ. 4,16)

Առաջին գլուխը կը ներփակէ հինգ հատուածներ.
- Աբրահամ` մեր հաւատքին մէջ (8-11)։
- Իսրայէլի հաւատքը (12-14)։
- Քրիստոնէական հաւատքի լիութիւնը (15-18)։
- Հաւատքով փրկութիւնը (19-21)։
- Հաւատքի եկեղեցական եղանակը (22)։
Հիմնուելով Աբբրահամ նահապետի դիմագիծին վրայ , այս գլուխին մէջ հաւատքը կը բացատրուի որպէս ''ունկնդրութիւն'' Աստուծոյ խօսքին, ''կանչուած'' դուրս գալու իր կղզիացումէն նոր կեանքի մը բացուելու համար եւ ապագայի ''խոստումով'', որ կարելի կը դարձնէ շարունակականութիւնը մեր անցքին ժամանակին մէջ, ամրօրէն կառչելով յոյսին։ Հաւատքը կապուած է ''հայրութեան'', որովհետեւ ՜՜Աստուած որ մեզ կը կանչէ անծանօթ Աստուած մը չէ, այլ Հայր Աստուած է, աղբիւր ամէն բարութեան, սկիզբը ու պահապանը ամէն բանի՝՝։ Իսրայէլի հաւատքին մէջ, հաւատքին ներհակը կռապաշտութիւնն է, որու հետեւանքով մարդը կը կորսուի բազմազան իղձերուն մէջ եւ կը մոռցնէ ու կը հեռացնէ զայն խոստումի ժամանակէն։ Ընդհակառակը հաւատքը վստահութիւնն է ողորմած Աստուծոյ սիրոյն, որ միշտ պատրաստ է ընդունելու եւ ներելու, հաւատքը տրամադրութիւնն է բարեփոխուելու յաչս Աստուծոյ կանչին։ Աստուծոյ ձրի մէկ պարգեւը որ մեզմէ կը պահանջէ խոնարհութիւնը եւ քաջութիւնը վստահելու ու յանձնուելու, տեսնելու համար Աստուծոյ ու մարդու միջեւ հանդիպումի լուսաւոր ճանապարհը, փրկութեան պատմութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի Յիսուսի դէմքին մասին` Միջնորդը, որ մեր առջեւը կը բանայ մեզմէ աւելի մեծ ճշմարտութիւն մը` Աստուծոյ սիրոյ յայտնութիւնը, հիմը մեր հաւատքին։ Եւ որպէս Յարուցեալ, Քրիստոս կը դառնայ ''վստահելի վկան'', ''հաւատքի արժանի''։ Սակայն, ''վճռական երեւոյթ'' մը կայ Յիսուսի հաւատալով. ''մասնակցութիւնը Անոր տեսութեան եղանակին''։
Համեմատութիւն մը գործածելով, Քահանայապետը կը բացատրէ թէ ինչպէս առօրեայ կեանքին մէջ ''կը վստահինք այն մարդոց որոնք մեզմէ աւելի լաւ կը ճանչնան ու մեզմէ աւելի հմուտ են. օրինակ. ճարտարապետը, դեղագործը, փաստաբանը. նոյնպէս եւ հաւատքի համար կը դիմենք մէկու մը որ վստահելի է ու մասնագէտ ''աստուածային բաներու'' եւ Յիսուս ''Ան է որ մեզի կը խօսի Աստուծոյ մասին''։ Հաւատքը, իրականութեան մէջ, ''անհատական բան մը չէ'', այլ սահմանուած է դառնալու աւետում` քարոզութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.