2013-08-20 10:42:25

Բանակցութիւնները Առանձին Հիւլէական Թղթածրարը Լուծելու Չեն Բաւեր» Ըսաւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ջանայ հիւլէական թղթածրարը «արմատական կերպով» լուծել, սակայն նշեց, որ «բանակցութիւնները առանձին այդ նպատակին հասնելու չեն բաւեր»:
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ան յայտնած է, թէ «խօսեցայ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ, որ իր փափաքը յայտնեց Իրանի եւ «վեցեակ»-ին միջեւ բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու, եւ ես փոխարէնը յայտնեցի, որ Իրան պատրաստ է բանակցութեան սեղան վերադառնալու»:
Ան աւելցուց, որ «Իրան համապարփակ լուծում մը կ՛ուզէ, սակայն բանակցութիւնները առանձին արմատական լուծումի հասնելու չեն նպաստեր»:
Միւս կողմէ, Իրանի հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ ինք կազմակերպութեան նախապէս պատրաստած ծրագիրը պիտի շարունակէ իրագործել:
Սալեհի «իրանեան հիւլէական ծրագիրին խաղաղ բնոյթ»-ը նշեց եւ ըսաւ, որ «Իրանի հիւլէական հարցը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան մէջ գլխաւոր հարցի վերածուած է: Պիտի փորձենք անոր լուծում մը գտնել համախոհութեան ճամբով, որ իրանեան հիւլէական նոր խմբակին խորագիրը պիտի ըլլայ»:
Ինչ կը վերաբերի այդ խմբակի կազմին ու պատուիրակութեան նախագահին, ան ըսաւ, որ «նախագահ Ռուհանի առաջին առիթին պիտի յայտարարէ այդ մանրամասնութիւնները»:
Իսկ «5+1»-ի հետ բանակցութիւններու ժամկէտին ու վայրին մասին խօսելով Սալեհի ըսաւ, որ «այդ հարցերը տակաւին չճշդուեցան, եւ պէտք է համբերել»:







All the contents on this site are copyrighted ©.